Փակ Քննարկումներ Են Տեղի Ունենում, Որոնք Արցախի Գլխին Նոր Վտանգ Փաթաթելու Միտում Ունեն. Դաւիթ Իշխանեան.

By Asbarez | Monday, 01 February 2021

0202tavit-ishkhanian

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Փաստինֆօ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չկրցաւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իրական դերը ստանձնել, եւ այսօր շատ լուրջ հարցականի տակ են անվտանգութեան երաշխիքները, որոնք միայն ռուս խաղաղապահներուն ձգելը բաւարար չէ:

Վերջինս վստահեցուց, որ մեր ժողովուրդը պէտք է զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման կեդրոնի, այդ երաշխաւորի դերը եւ դերակատարութիւնը: Մինչդեռ, այսօր ունինք լուրջ մտահոգութիւն, որ Արցախին նոր վտանգ կը սպառնայ:

Պատասխանելով «Փաստինֆօ»ի հարցումին, թէ արդեօք Արցախի նախագահը քաղաքական ուժերուն կը ներկայացնէ՞ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի քննարկումներու մասին տեղեկատուութիւն եւ ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը վերաբերին, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստերուն կը հրաւիրուի  միայն Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, բայց ոչ` Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը: Եւ ասիկա այն պարագային, երբ Արայիկ Յարութիւնեան 16 Դեկտեմբեր 2020ին հրապարակեց ուղերձ մը, որուն մէջ նաեւ նշեց, որ բոլոր կարեւոր հարցերը պէտք է արժանանան Անվտանգութեան խորհուրդի համաձայնութեան։

«Իմ կարծիքով, այստեղ այլ գործընթաց է տեղի ունենում: Անվտանգութեան խորհրդի նիստերին Արայիկ Յարութիւնեանի մասնակցութիւնը` առանց ԱԽ քարտուղար Վիտալի Բալասանեանի, նշանակում է, որ հարցեր կան, փակ քննարկումներ են տեղի ունենում, որոնք Արցախի գլխին նոր վտանգ փաթաթելու միտում ունեն, Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեան շարունակութեան նման ինչ-որ բան: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը պէտք է զգոյշ լինի, հերթական անգամ չընկնի այդ թակարդը, եթէ ինքը թակարդ ընկնելու տրամադրութիւն չունի, բայց այն, որ նոր թակարդ է լարւում, դա ակնյայտ է, այլապէս Վիտալի Բալասանեանը կը մասնակցէր ԱԽ համատեղ նիստերին եւ մտահոգութիւններին», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յատկապէս որո՞ւն կողմէ այդ թակարդը կը լարուի՝ Իշխանեան արձագանգեց` ըսելով. «Շատ պարզ է` Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր խումբին»:

Պատասխանելով Արցախի ներքաղաքական վիճակին, քաղաքական ուժեր-Արայիկ Յարութիւնեան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցումին` Իշխանեան ըսաւ. «Մենք մեր դիրքորոշումը արտայայտել ենք Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով, չենք կարողացել համագործակցութեան առաջարկների եզրեր գտնել նրա հետ, որովհետեւ իրական սկզբունքների շուրջ չենք կարողացել համաձայնութեան գալ, կարծում եմ, այդ սկզբունքներն են կարեւոր»:

Իսկ «Առաւօտ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ ՀՅԴի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ համաձայնութիւնը չյաջողեցաւ կամ ընդհանրապէս Արցախի նախագահին կողմէ Արցախի քաղաքական ուժերը համախմբելու փորձերը ձախողած են՝ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ պատճառը այն է, թէ մեր պայմանաւորուածութիւնները քննարկումներու ընթացքին խախտած են Արայիկ Յարութիւնեանի  կողմէ եւ այն սկզբունքները, որոնց շուրջ կառուցուած էր մեր համաձայնութիւնը, դժբախտաբար, չպահպանուեցան: ՀՅԴն եւ «Արդարութիւն»ը հանդէս եկան յայտարարութեամբ եւ այդ մասին ըսին, շեշտեց Իշխանեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement