By PanArmenian | Wednesday, 16 December 2009
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, <<ՓանԱրմինեըն>>.- Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, <<Միտք>> վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ Վահէ Սարգսեանը յայտնած է, թէ վերջերս æաւախքի մէջ տեղի կ՛ունենան աւանդական տեղական անուանումներու լուրջ փոփոխութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք կը փոխուին սարերու, գետերու եւ այլ աշխարհագրական վայրերու անուանումներ։ Ըստ փորձագէտին՝ աւանդական տեղական անուանումներու փոփոխութեան այլ ձեւ է անուանումներուն մասնակի խմբագրումը, այսինքն անուանումներուն <<ի>> վերջաւորութիւնը աւելցնելը, օրինակ՝ Փարուանա գետը հիմա կը կոչուի <<Փարուանի>>:
<<Նոյնիսկ <<մեծ>> կամ <<փոքր>> ածականի մասնիկը ներկայացւում է թարգմանաբար: Օրինակի համար, Փոքր Սամսարը հիմա կոչւում է Դիդի Սամսարի>>, ըսած է Սարգսեանը:
Ան նաեւ նշած է, որ վրացական իշխանութիւնները՝ այդպէս ընելով՝ կը խախտեն Եւրոպայի խորհուրդի ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը, որ Վրաստանի խորհրդարանը վաւերացուցած է 2005ին: Համաձայն այդ համաձայնագրին՝ ազգային փոքրամասնութիւններուն աւանդական բնակեցման վայրերուն մէջ անհրաժեշտ է ապահովել աւանդական տեղական անուանումներուն կիրառումը:
<<Կոնվենցիայի վերաբերեալ վրաց իշխանութիւնները ընդունել են բանաձեւ, համաձայն որի աւանդական տեղական անուանումների եւ ճանապարհային ցուցանակների կիրառումը կարգաւորւում է ներքին օրէնսդրութեամբ, եւ աննպատակայարմար է համարւում տուեալ հարցով այլ միջազգային պայմանագրերի ստորագրումը>>, նշած է Սարգսեանը, եւ ընդգծած, որ æաւախքի հայերը աւանդական տեղական անուանումները կ՛ընկալեն որպէս հայկական եւ ոչ մէկ ձեւով չեն ընդունիր կատարուած փոփոխութիւնները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ