Ղարաբաղեան Պատերազմին Շուրջ 11 Հազար Զինուորներ Վիրաւորուած Են, 885 Ուրիշներ Հաշմանդամ Դարձած

By Asbarez | Monday, 29 March 2021

0330zinvor2

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Շուրջ 11 հազար հայ զինուորներ վիրաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետի տեղակալ Գեղամ Փաշիկեան:

Ըստ անոր՝ անոնցմէ 2 տոկոսը լուրջ վնասուածքներ ստացած է, 7 տոկոսը` ծանր, 55 տոկոսը՝ թեթեւ վնասուածքներ: 885 զինուորներ հաշմանդամ դարձած են: Ներկայիս կը բուժուին շուրջ 1500 զինուորներ:

comments

Advertisement