Հայ Դատի Յայտարարութիւնը Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ

By Asbarez | Monday, 29 March 2021



Տակաւին 11 Փետրուար 2021ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի յայտարարութենէն ետք, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը յայտարարութեամբ մատնանշեց գործող իշխանութիւններուն վտանգաւոր մօտեցումները Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Ըստ այնմ, կարծիք յայտնուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նախ՝ կը պատրաստուի համակերպիլ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին կողմէ յարձակումին պատճառով ձեւաւորուած սթաթուս քոյին, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի տարածքի զգալի մասի մը բռնագրաւման, բնակչութեան տեղահանման եւ ցեղային զտումներուն։

Երկրորդ` Հայաստանի կառավարութիւնը, փաստօրէն, կը հաստատէ, որ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցէն բացի, որեւէ այլ կնճռոտ հարց գոյութիւն չունի, եւ իշխանութիւնները կը պատրաստուին մոռացութեան մատնել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հարցի հետապնդման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական սահմանին վերաբերող հարցերը։

Արդէն 16 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրոն, նկատի ունենալով զանազան պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները, միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումները եւ սեփական տեղեկութիւնները` օրինականութիւնը կորսնցուած եւ հայրենիքի կարեւոր հատուած մը թշնամիին յանձնած Հայաստանի իշխանութիւնները խստօրէն զգուշացուց՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ չմտնել բանակցային այնպիսի գործընթացներու մէջ, որոնք կրնան ենթադրել թրքական պետութեան 100ամեայ նպատակներու իրագործումը։

Վերջին օրերու իրադարձութիւնները, յատկապէս վարչապետի, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի եւ Ազգային ժողովի փոխխօսնակի յայտարարութիւնները, անգամ մը եւս կ՚ապացուցեն, որ Հայաստանի յանձնուողական իշխանութիւնները յստակ քաղաքականութիւն կ՚իրականացնեն՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու, այսպէս կոչուած, կարգաւորման ծիրին մէջ, ինչ որ կը փաթեթաւորուի տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու եւ ապաշրջափակման լօզունգներով, սակայն խորքին մէջ նպատակ կը հետապնդէ մոռացութեան մատնել մեր ժողովուրդին պատմական անցեալը, հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պահանջէն, իրաւական ճանչնալ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական փաստացի սահմանը, ամբողջովին հրաժարիլ ղարաբաղեան հիմնահարցէն, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումէն եւ կարգավիճակի հարցէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը քանի մը հնարաւոր զուգահեռ գործող ուղիներով վերածել թրքական երկու պետութիւնները զիրար կապող աշխարհագրական միջանցքի:

Յատուկ կերպով կ՚ուզենք ընդգծել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, խօսելով տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու համալիր ապաշրջափակման մասին՝ ուղղակիօրէն Թուրքիան կ՚ընդունին իբրեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմ, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը կը դիտկեն բացառապէս ղարաբաղեան հիմնահարցի թրքահաճոյ կարգաւորման ծիրին մէջ, ինչ որ բոլորովին կը համապատասխանէ տասնամեակներ տեւող թրքական պետական դիրքորոշումին:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին կառչած անձը կը շարունակէ նախնական դատողութիւններ կատարել Թուրքիոյ հակահայ թշնամանքի պատճառահետեւանքային իրողութիւններուն շուրջ։ Մինչդեռ ակնյայտ է, որ հայութեան դիրքորոշումը հետեւանք է ոչ թէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համահաւասար պատմական դիմակայութեան, այլ Թուրքիոյ կողմէ մեր ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած բնաջնջման եւ զանգուածային հայրենազրկման։ Իր կարգին Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած է ոչ թէ հայութեան կողմէ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ֆիզիքական հաշուեյարդարներու երեւակայածին ծրագիրներով, այլ՝ իբրեւ շարունակութիւն իր նախորդներու հակահայ դարաւոր քաղաքականութեան՝ նոյն համաթրքական եւ նոր-օսմանական նպատակներով։ Այլ խօսքով՝ Թուրքիա մեզ կը նկատէ թշնամի, որովհետեւ հայկական Հայաստանը կը նկատէ խոչընդոտ իր ծաւալապաշտական ծրագիրներու իրականացման եւ, որովհետեւ, մենք չենք հրաժարիր մեր պատմական յիշողութենէն, ինքնութենէն, ինչպէս նաեւ նախընթաց ժամանակահատուածին մէջ արժանապատիւ կեցուածք դրսեւորած ենք։

Չափազանց ցաւալի է, որ ակներեւ այս ճշմարտութիւնները, որոնք կը շօշափեն մեր ժողովուրդի ազգային ողբերգութիւնը եւ բաց ջիղը, ստիպուած կ՚ըլլանք բացատրել Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձին։

Հարկ կը նկատենք նշել, որ այսօր ալ Թուրքիա կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան նկատմամբ վարել բացայայտ թշնամական քաղաքականութիւն, որուն ամէնէն ակնառու դրսեւորումը ղարաբաղեան վերջին պատերազմին Թուրքիոյ պետական կառավարման ռազմաքաղաքական համակարգի եւ թրքական զինուժի բացայայտ եւ լայնածաւալ ներգրաւումն էր։

Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են ժողովուրդին գիտակցութիւնը ձեռնածութեան ենթարկել նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համակեցութեան մասին անհիմն եւ սին խօսքերով։ Հայաստան տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, որ միշտ եղած է տարածաշրջանային խաղաղութեան կայուն երաշխաւորը. խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ խախտած է մեզի հանդէպ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով, հետեւապէս Հայաստանը այն վերջին երկիրն է, ուր պէտք է խաղաղութիւն քարոզել։ Մեր ժողովուրդը ամէնէն աւելի գիտէ խաղաղութեան գինը, բայց իր պատմութեան հրամայականով գիտէ նաեւ, որ անարժանապատիւ խաղաղութիւնը միայն ճամբայ կը բանայ ապագայի արիւնալի պատերազմներու։

Այսպէս կոչուած խաղաղութեան կեղծ քարոզը Հայաստանի իշխանութիւնները անամօթաբար կը շարունակեն նոյնիսկ այն պարագային, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները բացայայտ յաւակնութիւններ կը դրսեւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին նկատմամբ։

Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական սահմանի ճակատագիրին, պէտք է նկատի ունենալ, որ սահմանը անօրինական ձեւով եւ իբրեւ թշնամական գործողութիւն փակուած է թրքական պետութեան կողմէ։ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակման գործին մէջ Հայաստան որեւէ դերակատարութիւն չէ ունեցած, հետեւապէս սահմանի բացման գործին մէջ առաջին քայլը պէտք է առնէ թրքական պետութիւնը։ Այս ծիրին մէջ, Թուրքիա Հայաստանէն կ՚ակնկալէ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան քաղաքականութենէն եւ ղարաբաղեան հիմնահարցէն հրաժարիլ, որուն, ըստ ամենայնի, համաձայնած են Հայաստանի յանձնուողական իշխանութիւնները։

Վերջինները անգամ մը եւս կը զգուշացնենք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ուրացող եւ ղարաբաղեան հիմնահարցէն փաստացիօրէն հրաժարող իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ դատապարտուած է։ Դատապարտուած է, այդ քաղաքականութիւնը առհասարակ, եւ եթէ իշխանութիւնները տուրք տան թրքական պահանջներուն եւ փորձեն մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու զիջման գնով Թուրքիոյ հետ մտնել բանակցային կասկածելի գործընթացներու մէջ, մեր ժողովուրդը երբեք զայն պիտի չարտօնէ, իսկ իբրեւ արդիւնք՝ հայոց պատմութեան տարեգրութեան մէջ պիտի ունենանք թրքահաճոյ եւ դաւաճանի պիտակ կրող իշխանութեան մասին տխրահռչակ էջեր։

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան եւ ազգային-պետական ու համազգային շահերու պաշտպանութիւնը իրականացնելու համար կենսական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները անմիջապէս հեռանան ասպարէզէն եւ ազգային ուղղուածութեամբ քաղաքական ուժերը ստանձնեն երկիրը այս ծանր ու վտանգաւոր վիճակէն հանելու բեռը։

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

29 Մարտ 2021

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement