Մահացաւ Արցախի Հերոս, Զօրավար-Հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեան

By Asbarez | Wednesday, 31 March 2021

0401Argati

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 31 Մարտ 2021ին, 81 տարեկանին մահացաւ Արցախի հերոս, զօրավար-հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս):

Արկադի Տէր Թադեւոսեանը ծնած է 22 Մայիս 1939ին, Թիֆլիսի մէջ: Աւարտած է Պաքուի զինուորական ուսումնարանը, այնուհետեւ՝ Լենինկրատի փոխադրամիջոցներու եւ թիկունքի զինուորական ակադեմիան։ 1988էն միացած է Արցախի ազատագրման պայքարին եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է կամաւորականներու զինուորական մարզումներու գործին մէջ։ 1990ին դարձած է «Սասունցի Դաւիթ» կամաւորական ջոկատի անդամ։ 1991ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժինի պետ։ 30 Հոկտեմբեր 1991ին, Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը, Տէր Թադեւոսեանի հրամանատարութեամբ՝ իրականացուցին ռազմական գործողութիւն մը, որուն շնորհիւ ազատագրեցին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող Հադրութի շրջանի Տող գիւղը։ Մայիս 1992ին, ան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Շուշի քաղաքի ազատագրութեան ռազմական գործողութեան նախապատրաստութեան աշխատանքներուն:

Արկադի Տէր Թադեւոսեանի մահուան առիթով ցաւակցական ուղերձներ յղեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին եւ «Հայրենինքի փրկութեան շարժում»ը: Ցաւակցագիրներ ուղղեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ցաւակցագիրին մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Մեծ է նուիրեալ հրամանատարի աւանդը Արցախի մի շարք բնակավայրերի ազատագրման ռազմագործողութիւնների նախապատրաստման աշխատանքների եւ բուն գործողութիւնների կազմակերպման գործում: Դրանց թւում առանձնայատուկ տեղ է գրաւում Շուշիի ազատագրման օպերացիան` հայոց ռազմարուեստի թագն ու պսակը: Խորապէս ցաւում ենք, որ մեծանուն զօրահրամանատարը կեանքին հրաժեշտ տուեց` սիրելի բերդաքաղաքը եւ Արցախի մեծագոյն հատուածը դաւադրաբար թշնամուն յանձնուած տեսնելով: Խոնարհո՛ւմ Արցախի, հայոց անառիկ Շուշիի համար կեանք նուիրած բոլոր հայորդիների յիշատակին: Կոմանդոսի անցած հերոսական ճամբան պիտի ուղենիշ դառնայ հայ նորօրեայ սերնդի համար: Հրամանատարի գործը պիտի շարունակուի: Փա՛ռք հերոսներին»:

«Նա հերոսի իրական կերպար էր, երիտասարդ սերնդի համար` ոգեշնչման աղբիւր: Լեգենդար հրամանատարի մահն է՛լ աւելի ցաւալի ու դառն է, երբ գերեվարուած է նրա ազատագրած Շուշին: Սիրելի՛ Կոմանդոս, խոստանում ենք, որ Շուշին կրկին կ՛ազատագրուի եւ հոգիդ կը խաղաղուի երկնային կեանքում», իր կարգին ըսաւ Վազգէն Մանուկեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement