Հայաստան 3-2 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ռումանիոյ Դէմ

By Asbarez | Wednesday, 31 March 2021

0331goal

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 31 Մարտին, աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց 37րդ դասուած Ռումանիոյ դէմ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

Մրցումին առաջին կիսախաղին, երկու կազմերն ալ կօլ նշանակելու առիթներ ունեցան, սակայն չյաջողեցան իրենց նպատակին հասնիլ: Պարագան տարբեր եղաւ 2րդ կիսախաղին, երբ 5 կօլեր նշանակուեցան։ Հայաստան 56րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, հաւաքականին հետ իր անդրանիկ մրցումը կատարող Էդուարդ Սպերցեանի կօլին շնորհիւ, սակայն 62րդ եւ 72րդ վայրկեաններուն երկու կօլեր ստացաւ։ Մրցումին վերջին վայրկեաններուն, Հայաստան կրցաւ պարտութիւնը յաղթանակի վերածել՝ շնորհիւ Վարազդատ Հարոյեանի եւ Տիգրան Բարսեղեանի կօլերուն։

99րդ դասուած Հայաստանի կազմը զտումի այս մրցաշարքին ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն արձանագրած է երեք յաղթանակներ, ապահովելով 9 կէտեր, եւ այս բոլորը հակառակ այն իրողութեան, որ խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով՝ չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել մրցումներուն։

Նշենք, որ Չորեքշաբթի օրուան մրցումէն առաջ, երկու կազմերը իրարու դէմ մրցած էին 5 անգամ: Ռումանացիները արձանագրած էին 4 յաղթանակներ, մինչ մէկ մրցում աւարտած էր հաւասարութեամբ:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement