By Asbarez | Tuesday, 06 April 2021
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Ապրիլին, Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, յանցադէպի բացակայութեան հիմքով՝ դադրեցուց քրէական հետապնդումը «Մարտի 1»ի գործով ամբաստանեալներ՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, զինուած ուժեր նախկին ընդհանուր հրամանատար Սէյրան Օհանեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Եուրի Խաչատուրովի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեան նկատմամբ:
Դատարանը որոշում տուաւ կրճատել անոնց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքներու քրէական գործի վարոյթը: Դատարանը յայտարարեց, որ Ռոպերթ Քոչարեան, Սէյրան Օհանեան, Եուրի Խաչատուրով եւ Արմէն Գէորգեան արդարացուած են: Որոշումը կարելի է բողոքարկել Վերաքննիչ դատարանին մօտ:
Դատախազութիւնը այլ դիմում մը ներկայացուց Սահմանադրական դատարանին՝ միջնորդելով կասեցնել գործի վարոյթը:
comments
Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ Արթուր Մկրտչեանի Մահուան 29րդ Տարելիցը
Մարտական Խաչ Շքանշաններ Եւ Արիութեան Համար Մետալներ ՀՅԴի Նահատակ Կամաւորներուն
Պատերազմի Վարձկան Ահաբեկիչներուն Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտեցաւ
Գերիներու Վերադարձը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ
Քոչարեան Դատ Բացաւ Փաշինեանի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ
Փաշինեան Փութինին Շեշտեց Գերիներու Ազատ Արձակումը Ապահովելու Անհրաժեշտութիւնը
Քոչարեան Մտադիր Է Ընտրութիւններուն Մասնակցիլ Դաշինքով
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Յայտարարեց Յառաջիկայի Իր Ծրագիրներուն Մասին