Գերիներու Վերադարձը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

By Asbarez | Thursday, 08 April 2021

0409Keri

ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիափորթ».- 8 Ապրիլին լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ գերիներու նոր խումբ մը պիտի վերադառնայ Հայաստան։ Այս մասին «Ֆաքթոր» կայքին յայտնած էր Փաշինեանի խօսնակը, սակայն աւելի ուշ լրատուամիջոցը իր կայքէն վերցուց այդ լուրը։

Երեկոյեան ժամը 9ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) գերիներուն հարազատները հաւաքուեցան Էրեբունի օդակայանին մօտ, սակայն քիչ անց վայրէջք կատարած օդանաւին մէջ գերիներ չկային։

Աւելի ուշ, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ գերիներու վերադարձը, դժբախտաբար, դարձեալ յետաձգուած է, որովհետեւ հակառակորդը 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 8րդ կէտը չի գործադրեր, ինչ որ յետ-պատերազմեան մարդասիրական գործընթացի կոպիտ խախտում է:

«Բանակցութիւնները ռուսական կողմի միջնորդութեամբ շարունակւում են, եւ յոյս ունենք, որ ադրբեջանական կողմը ի վերջոյ կը յարգի ստորագրուած յայտարարութիւնը ու կեանքի կը կոչի մարդսիրական պայմանաւորուածութիւնը` այդպիսով նպաստելով տարածաշրջանում կայունութեան հաստատմանը», կ՛ըսուի մեկնաբանութեան մէջ:

Իրենց զաւակները եւ հարազատները տեսնելու յոյսով օդակայանին մօտերը համախմբուած գերիներուն ծնողները եւ պարագաները մեծապէս ընդվզեցան տեղի ունեցածէն։ Անոնք ուղղուեցան պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը՝ միանալու անհետ կորսուածներուն ծնողներուն, որոնք առաւօտեան ժամերուն շղթաներով կապած էին մուտքի դարպասները՝ արգիլելով նախարարութեան աշխատակիցներուն ելեւմուտքը եւ պահանջելով յստակացնել իրենց որդիներուն ճակատագիրներուն գծով եղած անորոշութիւնը։

Կարճ ժամանակ ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ ռազմագերիներու վերադարձի հարցը լուծուած է՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ հայկական կողմին արդէն վերադարձուցած է բոլոր ռազմագերիները։

«Մենք հայկական կողմին վերադարձուցած ենք աւելի քան 70 ռազմագերիներ։ Որպէսզի զինուորականը նկատուի ռազմագերի, զայն պէտք է գերի առնել ռազմական գործողութեան ընթացքին։ Անոնք, որոնք բռնուած են հակաահաբեկչական գործողութեան ատեն, 9 Նոյեմբերէն ետք, պէտք է կոչել ահաբեկիչներ, երբեք՝ ռազմագերիներ», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախարարը։

Նշենք, որ 9 Նոյեմբերին Փաշինեանի ստորագրած պարտուողական յայտարարութեամբ նշուած էր գերիներու վերադարձին մասին՝ «Բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով։ Փաշինեանի որոշումով, Հայաստան յայտարարութեան ստորագրութեան յաջորդած առաջին շաբաթուան ընթացքին արդէն վերադարձուց Հայաստանի մէջ դատապարտուած ատրպէյճանցի ներթափանցող եւ հետախուզական գործողութիւններ կատարող մարդասպանները, իսկ Ատրպէյճան կը հրաժարի վերադարձնել ռազմագերիները՝ անընդհատ նոր զիջումներ պարտադրելով Հայաստանի իշխանութիւններուն։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement