Արցախի Մէջ Բողոքի Ցոյց Յուշարձաններու Եւ Տեսարժան Վայրերու Միջազգային Օրուան Առիթով

By Asbarez | Friday, 16 April 2021

0417Artzakh

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 16 Ապրիլին, Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Յովանի Մայր տաճարի բակին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց՝ նուիրուած յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան: Մայր տաճարի հոգեւոր սպասաւոր տէր Ներսէս Ասրեան տեղեկացուց, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ի տնօրինութեամբ ստեղծուած է Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանող գրասենեակ մը, որուն կից կը գործէ նաեւ յատուկ յանձնաժողով մը:

Ան դիտել տուաւ, որ ամէն ինչ կը կատարուի քաղաքակիրթ աշխարհի լռութեան եւ անտարբերութեան պայմաններուն մէջ: «Դա շարունակութիւնն է արհեստականօրէն իրենց ազգ հռչակած հաւաքական մի վայրի տոհմի եւ այլ ազգերի ու ժողովուրդների պատմական տարածքներից ձեւաւորուած պետութեան որդեգրած քաղաքականութեան», աւելցուց հոգեւորականը՝ նշելով, որ իւրաքանչիւր դէպք եւ փաստ կարելի բոլոր միջոցներով կը հասցուի բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն, եկեղեցիներու եւ այլ կրօններու հոգեւոր պետերուն, միջազգային ու միջեկեղեցական կառոյցներուն:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձաւ մարդու կրօնական եւ մշակութային իրաւունքներուն, որոնք ամրագրուած են միջազգային ուխտերով: «Ադրբեջանին պատասխանատուութեան ենթարկելու ամբողջ գործընթացը թաղուած է քաղաքական շղարշի տակ, եւ մեր կոչը միջազգային հանրութեանը պէտք է լինի այն, որ բաւական է, պէտք է հրաժարուել քաղաքական նպատակայարմարութիւնից եւ իրերը կոչել իրենց անուններով», յայտարարեց ան՝ միաժամանակ յիշեցնելով. «1954թ. Հաագայում գումարուած կոնֆերանսի շրջանակներում ընդունուել է զինուած ընդհարումների ժամանակ մշակութային ժառանգութեան պահպանման մասին ուխտ, որը յստակ նշում է, որ որեւէ ժողովրդի մշակութային ժառանգութեան դէմ ուղղուած յանցանքները հաւասարապէս վերաբերւում են բոլոր ժողովուրդներին»:

Գ. Ստեփանեան խօսեցաւ միջազգային այլ ուխտի մը մասին, որուն համաձայն, մշակութային ժառանգութեան դէմ ուղղուած գործողութիւնները մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ են եւ պէտք է դատապարտուին քաղաքակիրթ աշխարհին կողմից: «Աշխարհը լռում է հակառակ այն հանգամանքին, որ տեսնելով տեսնում է, թէ ինչպէս է Ադրբեջանը բռնազաւթում, իւրացնում ու ոչնչացնում հայոց պատմական, ազգային, հոգեւոր-մշակութային արժէքները», նշեց ան։

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելանեա Բալայեան եւս ընդգծեց, որ միջազգային այն կազմակերպութիւնները, որոնք կազմուած են համամարդկային պատմական ժառանգութեան պահպանման առաքելութեամբ, կը բաւարարուին սոսկ յայտարարութիւններով, եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք վերջ ի վերջոյ գործնական քայլերու կը դիմեն եւ կը կանխեն մշակութային ցեղասպանութիւնը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement