By Asbarez | Tuesday, 20 April 2021
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Զբօսաշրջութեան առումով,, Արցախի ամէնէն յայտնի վայրերէն մէկուն` Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանին, դռները արդէն բաց են այցելուներուն առջեւ:
Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ համայնքի տարածքին մէջ գտնուող թանգարանը իր բացման օրէն` 2004էն ի վեր, առաջին անգամ փակուած էր 27 Սեպտեմբեր 2020ին` պատերազմի առաջին օրը: Այսօր արդէն վերանորոգուած եւ համալրուած ցուցադրութեամբ տուն-թանգարանը պատրաստ է ընդունելու հասարակական, քաղաքական եւ ռազմական յայտնի գործիչներ Նիկոլ Դումանի եւ Խանասորի Վարդանի կեանքով ու գործունէութեամբ, ազգագրական նիստուկացով, աւանդական ուտելիքներով հետաքրքրուած զբօսաշրջիկները:
Թանգարանի հիմնադիր Սերգէյ Շահվերդեան թանգարանի վերաբացումը կարեւոր նկատեց քանի մը առումներով եւ ըսաւ. «Մեզ համար շատ կարեւոր է, որ բնականոն կեանքն Արցախում օր առաջ վերականգնուի, մեզ համար շատ կարեւոր է, որ զբօսաշրջիկները մանաւանդ, երբ ահռելի քանակութեամբ զբօսավայրեր են կորցուել պատերազմի հետեւանքով, տեղ ունենան այցելելու: Այդ պատճառով որոշեցինք օր առաջ վերաբացել»:
Տուն-թանգարանին մէջ կան գիշերակացի պայմաններ, ազգային-աւանդական ճաշատեսակներ համտեսելու կարելիութիւն եւ դրամահատման գործիք, իսկ ստացուած տպաւորութիւնները կարելի է ճշդել լուսանկարներու միջոցով:
Նախքան պատերազմը եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, թանգարանի տարածքին մէջ նաեւ ազգագրական նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպուէին: Սերգէյ Շահվերդեան յայտնեց, որ զբօսաշրջիկներու հոսքի վերականգման զուգահեռ պիտի վերսկսի նաեւ ծառայութիւններու մատուցումը:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին