Երեւանը Կը Դատապարտէ Գեղարքունիքի Մէջ Ատրպէյճանցիներու Կողմէ Հայ Զինուորի Սպաննութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 25 May 2021

0526Verishen

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Լրագիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի զօրամիաւորումներուն կողմէ արձակուած կրակոցներէն Հայաստանի զինուորին մահուան առթիւ` նշելով, որ Ատրպէյճան կը փորձէ քօղարկել Հայաստանի տարածքին մէջ ապօրինի ռազմական գործողութիւնները՝ շրջանառութեան մէջ դնելով կեղծ տեղեկատուութիւն։

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է ներգրաւելու միջազգային հետաքննութիւն` նշեալ մահաբեր միջադէպին բոլոր հանգամանքները յստակացնելու նպատակով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ ՄԱԿի անդամ պետութեան` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ կատարուած բացայայտ   ոտնձգութիւնը` զայն նկատելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու խախտում:

Ըստ նախարարութեան՝ հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն,  Ատրպէյճան կը մերժէ իր ուժերը դուրս բերել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն՝ աւելի եւս սրելով իրադրութիւնը եւ վտանգելով տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը: «Ադրբեջանի կողմից Հայաստանի ինքնիշխան տարածքում ռազմական գործողութիւնների իրականացումը իրաւունք է տալիս Հայաստանի Հանրապետութեանը ձեռնարկելու անհրաժեշտ եւ համարժէք քայլեր` իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու, բնակչութեան անվտանգութիւնն ապահովելու համար», կը նշէ նախարարութիւնը։

0526Ara

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան 25 Մայիսին ընդունեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու դեսպաններ Սերկէյ Քոփիրքինը (Ռուսիա), Ալեքսանտր Քոնիւքը (Պելոռուս) եւ Փոլատ Իմանպաեւը (Ղազախիստան): Հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ 12 Մայիսէն ի վեր Հայաստանի սահմանամերձ կարգ մը մարզերու մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ապօրինի ռազմական ներթափանցումը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ 25  Մայիսին սպաննուեցաւ հայ զինուոր մը։

Այվազեան նշեց, որ՝ արհամարհելով եւ չանսալով միջազգային հանրութեան կոչերուն` Ատրպէյճան ոչ միայն դուրս չի բերեր իր զինուած ուժերը Հայաստանի տարածքէն, այլ կը դիմէ նոր ապօրինի գործողութիւններու՝ ՀԱՊԿի անդամ պետութեան նկատմամբ։ Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու մահաբեր գործողութիւններուն միջազգային հանրութեան, նախ եւ առաջ` ՀԱՊԿի եւ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներուն կողմէ համարժէք գնահատական եւ արձագանգ չտալը կը յանգեցնէ իրավիճակի հետագայ սրման, ինչ որ կրնայ վատթար հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսանկիւննէ:

0526HABG

Իր կարգին, ՀԱՊԿի ընդհանուր փոխքարտուղար Վալերի Սեմերիքով, անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին՝ շեշտեց, որ անիկա պէտք է կարգաւորուի քաղաքական եւ դիւանագիտական եղանակներով: «Երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարը կ՛ամրապնդուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեամբ եւ շարունակուող բանակցային գործընթացով», յայտնեց Սեմերիքով՝ ելոյթ ունենալով կազմակերպութեան միաւորուած շտապի նիստին ընթացքին:

0526PresidentՄիւս կողմէ, նախագահ Արմէն Սարգսեան, դատապարտելով Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները եւ իրավիճակը սրելու քայլերը` կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան եւ բոլոր շահագրգիռ պետութիւններուն` ըլլալու առաւելագոյնս անհանդուրժող եւ կոշտ միջոցներու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն համապատասխան գնահատական տալու եւ դատապարտելու ուղղութեամբ:

Սարգսեան յորդորեց պետական համապատասխան կառոյցներուն` գործադրել բոլոր ջանքերը եւ ձեռնարկել ամէնէն խիստ միջոցներուն՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող ոտնձգութիւններուն եւ սահմանային խախտումներուն դէմ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement