By Asbarez | Thursday, 03 June 2021

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Սիխրի Քաախ երկրի խորհրդարանին ուղղուած իր նամակին մէջ, անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ քննարկումներուն՝ յայտնեց, որ Հոլանտա շեշտած է, որ Ատրպէյճան մնացող հայ պատերազի գերիները պէտք է շուտափոյթ ազատ արձակուին, ինչպէս նաեւ պէտք է ամէնէն արագ միջոցին շրջաը գործուղուի ԵՈՒՆԵՍՔՕէն պատուիրակութիւն մը, տեղւոյն վրայ մշակութային ժառանգութեան գնահատումը կատարելու համար:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Հոլանտա կ՛ընդգծէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանէն զօրքերը անյապաղ հեռացնելու եւ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու կարեւորութիւնը:
«28 Մայիսին, նաեւ Հոլանտայի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպական Միութիւնը հանդէս եկաւ միացեալ նոր յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ խոր մտահոգութիւն կ՛արտայայտէ սահմանային զարգացումներուն վերաբերեալ, եւ կ՛ընդգծէ լարուածութեան թուլացման կարեւորութիւնը: Սահմանէն զօրքերը անմիջապէս հեռացնելու կոչ կը կատարուի եւ կը նշուի սահմանագծումի հարցը բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով յստակացնելու անհրաժեշտութիւնը: Յայտարարութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ հայ ռազմական գերիները անյապաղ ազատ արձակելու կոչը՝ Ատրպէյճանին», շեշտեց նախարարի պաշտօնակատար Սիխրի Քաախ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ