By Asbarez | Friday, 20 January 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- «Էրեբունի Փլազա»ի մէջ Ուրբաթ, 20 Յունուարին տեղի ունեցաւ ՀՅԴի եւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան կազմակերպած 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին նուիրուած համաժողովը: Հարցի քննարկման եկած էին գաղափարական հակասութիւններ ունեցող այնպիսի քաղաքական ուժեր, ինչպէս օրինակ ՀԱԿը եւ «Ազատ դեմոկրատներ»ը:
Համաժողովին կը մասնակցէին նաեւ ԲՀԿն («Բարգաւաճ Հայաստան»ը), ՕԵԿ («Օրինաց Երկիր»ը), «Ազգային համաձայնութիւն»ը, «Հայաստանի Դեմոկրատական»ը, «Մայր Հայրենիք»ը, Միաւորուած Աշխատանքային կուսակցութիւնը եւ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Տպաւորիչ էր այն համերաշխութիւնը, զոր ցոյց տուին քաղաքական տարբեր բեւեռներու վրայ գտնուող այս ուժերը, եւ փաստեցին, թէ անոնք ոչ միայն ի վիճակի են հաւաքուելու մէկ դահլիճի մէջ, այլեւ՝ փոխհամաձայնութեան գալու որոշ գաղափարի մը շուրջ:
Դաշնակցական Արմէն Ռուստամեան, անգամ մը եւս ներկայացնելով հարիւր տոկոսով համամասնական ընտրակարգի անցնելու հիմնաւորումները՝ առաջարկեց այս հարցով հանրաքուէ կատարել:
«Հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի անցնելու գաղափարին շուրջ տարաձայնութիւններ գրեթէ չկան», յայտարարեց ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
«Եթէ քաղաքական հիմնական դերակատար ուժերը սկզբունքօրէն կողմ են բացարձակ համամասնական ընտրակարգին, ապա ուրեմն ինչո՞ւ հիմա դա չանել: Ինչո՞ւ հիմա այդ քայլը չի կատարում ՀՀԿն («Հանրապետական»ը-Խմբ.): Մեծամասնական ընտրակարգը եղել է գործիք իշխանութիւնների վերարտադրման եւ ընդդիմութեանը դուրս մղելու համար: Այդ բոլոր պատգամաւորները ԱԺում եղել են իշխանութիւնների յենարանը: Եթէ չէք ուզում այս վիճակը փոխել, ուրեմն ձեր թիւ մէկ խնդիրը վերարտադրուելն է: Այս իրավիճակը նման է նրան, որ բոլորս պէտք է դուրս գանք 131 մ. մրցավազքի եւ ասում ենք՝ եկէ՛ք բոլորս նոյն «ստարտ»ից (սկզբնակէտ-Խմբ.) սկսենք, բայց իշխանութիւնն ասում է՝ ո՛չ, մենք պէտք է 41 մ. առաջ գնանք, այնտեղից նոր սկսենք: Սա անարդար մրցակցութիւն է», յայտնեց Ռուստամեան:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին խօսքերով, եթէ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամկէտը այդ փոփոխութիւնը չիրականացուի, ապա պէտք է ընտրութիւններու հասարակական վերահսկողութիւնը աւելցուի եւ յատուկ մարտավարութիւն մշակուի մեծամասնական ընտրատարածքներուն համար:
Այս գաղափարը պաշտ-պանեց նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեանը՝ յայտնելով, որ ասիկա առիթ պիտի տայ «քաղաքական խորհրդարան» ձեւաւորելու: Զոհրաբեան շեշտեց, որ ինք կը յայտնէ իր անձնական կարծիքը, բայց աւելցուց, որ ԲՀԿի համագումարին ընթացքին ամրագրուած է, որ ԲՀԿն կողմ է բացարձակ համամասնական ընտրակարգին:
«Մտովի եկէք մտաբերենք, թէ 41 մեծամասնական պատգամաւորներից քանիսի՞ն ենք մենք ճանաչում, եւ քանի՞սն են, որ ներկայացնում են այն ընտրատարածքի շահերը, որտեղից իրենք ընտրուած են», հարց տուաւ պատգամաւորը:
Անդրադառնալով այն դիտարկումներուն, թէ Եւրոխորհուրդի մէջ դէմ են հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտարակարգին՝ ԵԽԽՎ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Նաիրա Զոհրաբեան նկատել տուաւ, որ ԵԽն իրաւունք չունի Հայաստանի փոխարէն որոշումներ կայացնելու, այլ կրնայ խորհուրդ տալ միայն:
Միւս կողմէ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան պատասխանեց իրենց քաղաքական ընդդիմախօսներու այն պնդումներուն, թէ Ռուսիոյ մէջ, ուր գործադրած են 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգը, «փոշմանել են» (զղջացած են-Խմբ.): Ըստ Յովհաննիսեանի՝ այս զուգահեռը ճիշդ չէ, քանի որ Ռուսիան, ինչպէս եւ Չինաստանը, մեծ տարածք զբաղեցնող երկիրներ են, ուր 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցնիլը անարդիւնաւէտ կ՛ըլլայ: «Բայց Հայաստանն այդ երկրների մի տարածաշրջանի չափ է», աւելցուց ան:
Համաժողովին մասնակցող ՕԵ կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Մարգարեան հաւաստիացուց, որ իրենք եւս պիտի միանան հետագայ քննարկումներուն:
Միաւորուած Աշխատանքային կուսակցութեան նախագահ Գուրգէն Արսէնեան նաեւ կողմ արտայայտուեցաւ 100 տոկոսանոց համամասնական համակարգին անցնելուն՝ նշելով, որ այդ կերպով պիտի բացառուի իշխող կուսակցութեան վերարտադրման հնարաւորութիւնը: Արսէնեանի կարծիքով, իշխանութիւնները մեծամասնական ընտրակարգը կ՛օգտագործեն այնպէս, ինչպէս մարզիկները՝ «տոպինկ» (ապօրինի խթանիչ նիւթերու գործածութիւն-Խմբ.):
Իսկ հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցնելու հիմնական ընդդիմախօս ուժին՝ ՀՀԿի, ներկայացուցիչ Կորիւն Նահապետեան իր կարգին նշեց, որ իրեն համար անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ այսօր քաղաքական օրակարգին վրայ այս հարցը դարձած է առաջնային խնդիր՝ տարբեր ուժերու կողմէ: Ան նաեւ ըսաւ, որ պէտք է հերքել այն փաստերը, ըստ որոնց՝ 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարագին անցնիլը Սահմանադրութեան պահանջն է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ