ՀՅԴ Արցախի 26րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները Եւ Ընտրեց Նոր Կեդրոնական Կոմիտէ

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021



ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 10-11 Յուլիս 2021ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան 26րդ Շրջանային ժողովը, որուն կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի բոլոր շրջաններու պատգամաւորները, շրջանաւարտ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալ ընկերներ:

Ստորեւ՝ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան 26րդ Շրջանային ժողովի յայտարարութիւնը.

«Ժողովը քննարկեց ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անցած երկամեայ գործունէութիւնը եւ ճշդեց յառաջիկայ երկամեակի ռազմավարական թիրախներն ու ուղեգիծը:

«Ժողովը արձանագրեց, որ անցած երկամեակի ընթացքում ՀՅԴ Արցախի կառոյցը դիմագրաւել է քաղաքական եւ ռազմական բարդ պայմաններից թելադրուած մարտահրաւէրներին: Շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէն իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքում դրսեւորել է սկզբունքային կեցուածք, կայացրել ծանրակշիռ որոշումներ:

«Արցախի կրած կորուստների հետեւանքով ստեղծուած ծանր քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը պարտադրում է ուժերի գերլարում հայ ժողովրդի ազգային-ազատագրական պայքարի այս փուլը յաղթահարելու եւ յաջողութիւններ արձանագրելու համար:

«Անդրադառնալով յառաջիկայ գործունէութեանը՝ ժողովը որոշեց, որ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութիւնն իր գործունէութիւնը ծաւալելու է հետեւեալ ռազմավարական ուղղութիւններով.

«- Յանուն Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորման առաջնորդուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դրոյթներով՝ շարունակել պայքարը Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ցամաքային կապով ճշգրտուած սահմաններով Արցախի տարածքային ամբողջականութեան ապահովման ուղղութեամբ:

«- Ակնյայտ է, որ արհեստածին եւ անարդարացի որեւէ սթաթուս քօ չի կարող կայուն խաղաղութիւն ապահովել եւ անհրաժեշտ է վերականգնել ու նոր թափ հաղորդել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային գործընթացին:

«- Հաշուի առնելով հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ փոխվստահութեան կարեւորութիւնը՝ գործուն հիմքերի վրայ դնել Արցախի Հանրապետութեան ու Ռուսաստանի դաշնութեան քաղաքական ուժերի եւ իշխանութիւնների հետ փոխյարաբերութիւնները:

«- Ելնելով Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու եւ գոյութենական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հրատապ անհրաժեշտութիւնից՝ Շրջանային ժողովը պահանջում է Արցախի Հանրաապետութեան նախագահից եւ Ազգային ժողովից պաշտօնապէս դիմել Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրներին՝ ճանաչելու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

«- Հրատապ անհրաժեշտութիւն է յետ-պատերազմեան ֆորս-մաժորային (հարկեցուցիչ պարագայի) իրավիճակից եւ Արցախի իրաւազօրութեան ամրապնդման հրամայականից ելնելով հայեցակարգային մօտեցումների յստակեցումը, հանրային իշխանութեան գործուն եւ արդիւնաւէտ կառուցուածքի ձեւաւորումը՝ ի խնդիր ժողովրդի միասնականութեան եւ համախմբման:

«- Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութիւնն ու ընկերային արդարութեան հաստատումը պետական համակարգի առանցքային գործառոյթներից է: Այդ նկատառումով ամէն ջանք պէտք է գործադրել՝ պետական համակարգը զերծ պահելու խմբակային շահերի սպասարկման աղէտաբեր գործելաոճից:

«- Պատերազմի հետեւանքով անօթեւան մնացած եւ տեղահանուած բնակչութեան վերադարձն իրենց հայրենի օճախներ եւ նրանց կենցաղային, ընկերային հարցերի լուծումը պէտք է լինի ոչ միայն պետական համակարգի, այլ նաեւ համահայկական կառոյցների եւ կազմակերպութիւնների ուշադրութեան կենտրոնում:

«- ՀՅ Դաշնակցութիւնը պէտք է հնարաւոր բոլոր միջոցներով հակազդի Արցախին տիրանալու նպատակով Ատրպէյճանի ծաւալած քաղաքական, քարոզչական եւ բիրտ ուժի գործադրման քաղաքականութեանը՝ զօրաշարժի ենթարկելով համահայկական ողջ ներուժը:

«Ժողովն իր մտահոգութիւնն է յայտնել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ, յատկապէս Սիւնիքի, Վայոց ձորի, Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մարզերում տարածքային ամբողջականութեանը սպառնացող վտանգների առումով:

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շարունակելու է իր նուիրական առաքելութիւնը՝ ի խնդիր հայ ժողովրդի ազգային-ազատագրական պայքարի յաղթանակի»:

Ժողովին աւարտին ընտրուեցաւ Արցախի նոր Կեդրոնական կոմիտէի 7 հոգինոց կազմ մը՝ Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Մոսիյեան, Արա Պուլուզեան, Ալեոնա Գրիգորեան, Անդրանիկ Չաւուշեան, Սուրէն Շինդեան եւ Ժիրայր Շահիջանեան:

ՀՅԴ Արցախի նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի անդրանիկ նիստին ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Արթուր Մոսիյեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement