Սիւնիքի Մէջ Ընդդիմադիր Համայնքապետներ Կը Ձերբակալուին

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 13 Յուլիսին, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներ Վահէ Յակոբեան եւ Իշխան Սաղաթէլեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առին այն երեւոյթը, որ Ազգային ժողովի ընտռութիւննեռէն ետք, Հայաստանի մէջ հետապնդումի կ՛ենթարկուին Սիւնիքի համայնքներու այն ղեկավարները, որոնք «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ են, «Հայաստան» դաշինքի մաս կը կազմեն։

Վահէ Յակոբեան յիշեցուց, որ Մեղրիի հրաժարական տուած ղեկավար Մխիթար Զաքարեան օր մը առաջ բանտարկուեցաւ, մինչ այդ ձերբակալուած էր Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեան. Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը միջնորդութիւն ներկայացուց` Սիսիանի համայնքապետ Արթուր Սարգսեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու վերաբերեալ, իսկ Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում կ՛իրականացուի:

Յակոբեան, որ այս բոլորը խորքային արմատներ ունին, քան վրէժխնդրութիւնը: «Այդ գործօնն էլ կայ, բայց շատ աւելի խորքային արմատներ կան: Մեր գնահատմամբ` սա քաղաքական հետապնդում է, քաղաքական պատիժներ են եւ քաղաքական ահաբեկչութիւն», յայտնեց ան

Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին յայտնեց, որ երկրի դատախազը, քննիչը, ոստիկանը, դժբախտաբար նաեւ արդէն դատաւորը մէկ մարդ է` Հայաստանի վարչապետին աթոռը զբաղեցնող անձը, որ շատ յստակ եւ հետեւողական քաղաքական հետապնդումներ կը կատարէ «Հայաստան» դաշինքի համախոհներուն եւ ընդդիմադիր գործիչներուն նկատմամբ։

«Պատահական չէ, որ այս ամէնը տեղի է ունենում Սիւնիքում, ինչու չէ` նաեւ Տաւուշում․ բանակից հեռացնում են լաւագոյն զինուորականներին, պատահական չէ, որ պատերազմի ընթացքում Սիւնիքի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպած համայնքի ղեկավարներին, այսօր շատ յստակ քաղաքականութիւն է իրականցւում, եւ նրանց փորձում են կալանաւորել», յայտնեց ան:

Սաղաթէլեան այս բոլորը նաեւ կապեց Հայաստանին սպասող «ցաւոտ լուծումների» հետ: Ան դիտել տուաւ, որ իրենք կարելի եղած բոլոր ձեւերով պիտի պայքարին այս բոլորին դէմ, «որպէսզի թոյլ չտան, որ կոտրեն ժողովրդի դիմադրողականութիւնը»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement