44օրեայ Պատերազմը Ուսումնասիրող Ազգային Ժողովին Մէջ Քննիչ Յանձնաժողով Ստեղծելու Մտադրութիւն

By Asbarez | Tuesday, 27 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը կը նախատեսէ 8րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ստեղծել 2020ին տեղի ունեցած Արցախեան 44օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով մը:

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ցանկով առաջադրուած եւ ընտրուած պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ 7րդ գումարման Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեան:

«Որոշում է կայացուել, որ քննիչ յանձնաժողով է ստեղծուելու 44օրեայ պատերազմի հանգամանքերն ուսումնասիրելու համար: Այդ հարցում, կարծում ենք, որ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան մասնակցութիւնը նոյնպէս պէտք կը լինի եւ այդ յանձնաժողովի գործունէութիւնը չպէտք է սահմանափակուի ԱԺում այսօր ներկայացուած ուժերի մասով: Այս փուլում դեռ շատ մանրամասներ չենք քննարկել», նշեց Սիմոնեան:

comments