By Asbarez | Tuesday, 27 July 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 26 Յուլիսին, ժամը 3:30ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը նշեց, որ հայկական կողմէ տուժածներ չկան:
Ըստ նախարարութեան՝ նոյն օրը՝ ժամը 11:30էն սկսեալ, հակառակորդը հրադադարը խախտեց նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Արարատի մարզի, մասնաւորապէս` Երասխի ուղղութեամբ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը դիմեց հակազդող գործողութիւններու։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ