Լողորդ Վարսենիկ Մանուչարեան Եւս Չյաղթահարեց Զտումի Հանգրուանը

By Asbarez | Thursday, 29 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի լողի հաւաքականի անդամ Վարսենիկ Մանուչարեան 28 Յուլիսին չյաղթահարեց զտումի հանգրուանը:

Մանուչարեան կանանց 100 մեթր ազատ լողի մրցումներու տարածութիւնը յաղթահարեց 59.18 երկվայրկեան արդիւնքով եւ չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուանը:

Նաեւ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով 6-1, 2-6, 6-1 արդիւնքով յաղթեց արժանթինցի Տիէկօ Շուարցմընին՝ հասնելով 4րդ հանգրուանը։

comments