Պաքու Երկու Հայ Գերիներ Դատապարտեց 15 Տարուան Բանտարկութեան

By Asbarez | Thursday, 29 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ, 28 Յուլիսին աւարտեցաւ երկու հայ գերիներու՝ Գէորգ Սուջեանի եւ Դաւիթ Դաւթեանի «դատավարութիւնը»:

Դատարանը զանոնք դատապարտեց 15 տարուան բանտարկութեան, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ալի Մամետովի նախագահութեամբ ընթացող նիստին դատախազը շարք մը շինծու  յանցանքներով ամբաստանուած մեղադրեալներէն իւրաքանչիւրին համար պահանջած էր 16 տարուան բանտարկութիւն:

Սուջեան յայտնեց, որ ինք Արցախ կը գտնուէր մարդասիրական նպատակներով:

comments