By Asbarez | Tuesday, 03 August 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀԱՊԿն եւ զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներ 29 Յուլիսին անդրադարձան հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին, յատկապէս 28 Յուլիսի մարտական գործողութիւններուն։
ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս անընդունելի նկատեց ուժի կիրարկումը՝ մտահոգութիւն յայտնելով տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան հետագայ աճի վտանգին առնչութեամբ եւ ընդգծելով, որ հակասութիւնները պէտք է լուծուին քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով:
Ս. Զաս ողջունեց Ռուսիոյ՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման միտող ջանքերը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերականգնման աջակցելու Թեհրանի պատրաստակամութեան մասին:
Ըստ իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութեան՝ Խաթիպզատէ մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային հակամարտութիւններու շարունակութեան գծով՝ երկու կողմերուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Ան ընդգծեց տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու ձեւերու որոնման անհրաժեշտութիւնը:
Կոչ ուղղելով երկու կողմերուն՝ յարգելու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, Խաթիպզատէ յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է որեւէ օգնութիւն ցուցաբերելու տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու բաժինի ղեկավար Մաթիաս Լիւթենպերկ եւս անդրադարձաւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուածութեան:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բռնութեան վերսկսած սաստկացումը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ: Գերմանիան կոչ կ՛ուղղէ երկու կողմերուն՝ վերականգնելու զինադադարի դրութիւնը եւ ամէն ինչ ընելու, իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որպէսզի պաշտպանեն մարդոց կեանքը», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ