
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով կատարուեցան շարք մը նշանակումներ։ Արդարեւ, Սուրէն Պապիկեան նշանակուեցաւ փոխվարչապետ, Արշակ Կարապետեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, Լիլիթ Մակունց՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
