Կոչ Կընենք Ապահով Կերպով Վերադարձնելու Բոլոր Գերիները․ Պայտըն

By Asbarez | Saturday, 07 August 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան առթիւ:

Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ, Պայտըն կը գրէ, որ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու իրականացումը կ՛ընդգծէ հայ ժողովուրդի փափաքը՝ ունենալու աւելի ժողովրդավար, արդար եւ բարգաւաճ հասարակութիւն մը, որ զերծ է զեղծարարութիւններէ:

«Վերջին երեք տարիներուն Հայաստան յառաջընթացք արձանագրեց այս ոլորտներուն մէջ: Միացեալ Նահանգները ուրախ է օգնելու այս ջանքերուն», կը նշէ Պայտըն:

Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ «ապահովական դժուար մարտահրաւէրներուն, որոնք ի յայտ  եկան 2020ին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով»՝ աւելցնելով․ «Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու կողմերուն՝ բանակցելու համապարփակ, խաղաղ կարգաւորման շուրջ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի հովանիին տակ: Ամերիկա ուրախ էր աջակցելու Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու ջանքերուն, եւ մենք կը շարունակենք կոչ ընել՝ ապահով կերպով վերադարձնելու բոլոր գերիները»:

comments