By Asbarez | Saturday, 07 August 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 Օգոստոսին աշխատանքային քննարկում ունեցաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց ընթացքը հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող շուրջ 30 միլիառ դրամ ծախսով վերակառուցման ծրագիրներու, որոնք կը ներառեն համայնքային եւ համապետական ճամբաներու վերակառուցում, դպրոցներու հիմնովին նորոգութիւն, ջրամատակարարման ցանցի կառուցում եւ լայնածաւալ բնակարանաշինութիւն:
Նշուեցաւ, որ բնակարանաշինարարութեան առաջին փուլով կը նախատեսուի կառուցել 817 շէնք եւ 290 առանձնատուն: Անոնց մեծ մասը պիտի յանձնուի մինչեւ տարեվերջ` Ստեփանակերտի եւ Իւանեան համայնքին մէջ՝ սեփական տանիքով ապահովելով Շուշիէն եւ Հադրութէն տեղահանուած 457 ընտանիք:
Նախագահ Սարգսեան «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնին հետ քննարկեց նաեւ Սեպտեմբերէն ի վեր Սիւնիքի մարզին մէջ մեկնարկող ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: Սիւնիքի մարզի համայնքներու առաջնահերթ հարցերու ծրագիրները՝ համայնքային, կրթական եւ ընկերային, պիտի ծառայեն շարք մը հարցերու լուծման: Շուրջ մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ այս ծրագիրը պիտի սկսի Սեպտեմբերէն եւ պիտի իրականացուի փուլերով՝ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի միացեալ ուժերով եւ մասամբ նաեւ՝ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ֆինանսական աջակցութեամբ:
Նշելով, որ Արցախի եւ Սիւնիքի համայնքներուն ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային աջակցութիւնը առաջնահերթութիւն է՝ նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ բոլոր միջոցներն ու ջանքերը պէտք է գործադրել աջակցութեան կարիք ունեցող մեր համայնքներուն ու հայրենակիցներուն սատար կանգնելու համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ