By Asbarez | Saturday, 07 August 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:10ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, ինչ որ պատճառ դարձաւ միջդիրքային հատուածի խոտերու հրկիզման: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ հայկական կողմը հակազդեց եւ հակառակորդին կրակը լռեցնելու գործողութիւններու ձեռնարկեց:
Աւելի ուշ՝ երեկոյեան շուրջ ժամը 6ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ Երասխի հատուածին մէջ կացութիւնը կայունացած է, բռնկած հրդեհը մարած է, եւ հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
Սահմանային լարուածութեան արձագանգեց ՄԱԿը, որ երկու երկիրներուն՝ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին, զսպուածութեան կոչ ուղղեց ՄԱԿի քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ֆերհան Հաքի միջոցաւ:
«Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել կողմերուն՝ զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք պատճառ կը դառնան լարուածութեան աճին, եւ ծագած հարցերը լուծելու երկխօսութեան գործընթացի միջոցով», նշեց Հաք։
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան իր կարգին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ատրպէյճանի զինուորները դիտաւորեալ կերպով կը հրկիզեն Հայաստանի Արարատի մարզի Երասխ գիւղի անմիջական հարեւանութեամբ մարդոց սեփականութիւնը եղող, ինչպէս նաեւ անոնց անմիջական տարածքները։ «Այսօր ՀՀ մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմը ահազանգեր է ստացել, որ ադրբեջանական զինուած ուժերը փոքր ու խոշոր տրամաչափի զինատեսակներից կրակոցներ են արձակում Երասխի անմիջական հարեւանութեամբ եւ հէնց գիւղի ուղղութեամբ: Գիւղը գտնւում է ադրբեջանական դիրքերից մօտ 1 կմ. հեռաւորութեան վրայ: Ադրբեջանական զինուած ուժերի կրակոցները կոպիտ կերպով խախտում են Երասխ եւ յարակից գիւղերի բնակիչների իրաւունքները», գրած է Արման Թաթոյեան:
Ան կ՛աւելցնէ, որ հրդեհներուն պատճառով Երասխ եւ յարակից գիւղերու բնակիչները չեն կրցած բնական կերպով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարել: Բացի այդ, կրակոցները եւ հրդեհները կը վտանգեն մարդոց խաղաղ եւ բնականոն կեանքը՝ յատկապէս Երասխի մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ