Սահակեան Եւրոպայի Ներկայացուցիչներուն Առջեւ Հարցը Կը Դնէ

By Asbarez | Monday, 06 July 2009

NKR President, Bako SahakianԵՐԵՒԱՆ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ եւ նախորդ օրը հանդիպումներ ունեցաւ եւրոպական կառոյցներու ղեկավարներու հետ, անոնց փոխանցելով իր երկիրի դիրքորոշումները Արցախի հարցի կարգաւորման վերաբերեալ:

Երէկ՝ Հինգշաբթի 2 Յուլիսին, Երեւանի մէջ նախագահ Սահակեան հանդիպեցաւ Պաքուէն ժամանած ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տօրա Պաքոյանիսի հետ: Հանդիպումէն ետք նախագահ Սահակեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչին հետ քննարկած է բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր: ԼՂՀ նախագահը ներկայացուցած է առաջարկութիւններ, իսկ գործող նախագահը արտայայտած է իր տեսակէտները թէ՛ բանակցային գործընթացին եւ թէ՛ այն հարցերուն շուրջ, զորս բարձրացուցած է ղարաբաղեան կողմը:

Այս պահին ՀՀ իշխանութիւններն ամէն ինչ անում են՝ վերականգնելու բանակցային գործընթացի իրական ձեւաչափը, որից յետոյ միայն կարելի է ակնկալել լուրջ առաջընթաց բուն բանակցային գործընթացում», յայտնեց Սահակեան՝ յիշատակելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի խօսքերը, ըստ որոնց Հայաստան ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէսզի վերականգնի ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափը, որուն համաձայն, Ղարաբաղ պէտք է մասնակցի բանակցային գործընթացին:

«Եթէ մեր կամքը եւ տեսակէտը հաշուի առնուէին, ապա մենք վաղուց արդէն պէտք է մասնակցէինք բանակցային գործընթացին», նշեց ԼՂՀ նախագահը:

Սահակեան չ՛ակնկալեր այս տարուան ընթացքին որեւէ յաջողութեան արձանագրում կամ փաստաթուղթի ստորագրում:

«Այդպիսի առաջընթաց մենք չենք կարող ակնկալել, քանի որ բանակցային գործընթացին չի մասնակցում ԼՂՀն: Գործող նախագահի հանդիպմանը ես նկատել եմ նրա լաւատեսութիւնը եւ կիսում եմ այն, քանի որ բազմիցս թէ՛ գործող նախագահը, թէ՛ համանախագահներն իրենց յայտարարութիւններում նշում են, որ անհնար է բանակցութիւններում լուրջ յաջողութեան հասնել առանց բոլոր կողմերի մասնակցութեան: Մենք խնդրել ենք գործող նախագահին իր ղեկավարած կազմակերպութեան իրաւասութիւնները եւ լիազօրութիւններն օգտագործել այդ ձեւաչափը վերականգնելու համար», յայտնեց Արցախի ղեկավարը:

Հանդիպման մասնակցած էր նաեւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, որ իր դաշտային օգնականներուն հետ կը կատարէ Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանագիծի վերահսկումը:

Սահակեան նշեց, որ Պաքոյանիսի հետ հանդիպման ընթացքին ան արծարծած է նաեւ հրադադարի համաձայնութեանց խախտման հարցը:

«ԵԱՀԿ գործող նախագահին հետ մեր նախորդ հանդիպմանը մենք հանդէս ենք եկել երկու առաջարկութեամբ. մէկը վերաբերում էր դիտարկման խմբի տեխնիկական հնարաւորութիւններն աւելացնելուն, որը թոյլ կը տար թուլացնել շփման գծում լարուածութիւնը: Երկրորդ՝ հայկական կողմից եղել է առաջարկ հետ քաշել դիպուկահարներին, որը մերժուել է Ատրպէյճանի կողմից: Այսօր եւս այդ հարցը բարձրացուել է, եւ գործող նախագահը գրառումներ է կատարել ու խոստացել, որ այդ հարցը եւս կը լինի իրենց կազմակերպութեան աշխատանքների շրջանակներում», նշեց ԼՂՀ նախագահը:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յառաջիկայ հնարաւոր հանդիպումէն որոշ ակնկալիքներ ունի նախագահ Սահակեան: «Հիմնական ակնկալիքը կայանում է նրանում, որ վաղ թէ ուշ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը հրաժարուի այսօրուան քաղաքականութիւնից եւ հանդէս կը գայ աւելի կառուցողական դիրքերից: Սա է ցանկացած հանդիպումից մեր հիմնական ակնկալիքը», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յայտարարութեան, ըստ որուն Ատրպէյճան համաձայն է միայն Ղարաբաղի ինքնավար կարգավիճակին՝ ԼՂՀ նախագահը նշեց, որ նման յայտարարութիւններու պարագային, կը դժուարանան կառուցողական դիրքորոշումները:

«Սա հակասում է մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեանը, եւ մենք անհեթեթութիւն ենք համարում նման մեկնաբանութիւնները», նշեց Բ. Սահակեան:

Միւս կողմէ, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, Յուլիս 1ին, Հայաստանի մէջ Ղարաբաղի մշտական ներկայացուցչութեան մօտ հանդիպում մը ունեցած էր Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի հետ եւ քննարկած՝ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլին ու հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին ԼՂՀ նախագահը նոյնպէս նշած էր, թէ առանց ղարաբաղեան կողմի անմիջական մասնակցութեան, հնարաւոր չէ հասնիլ հակամարտութեան լիարժէք կարգաւորման: Այդ հանդիպման ներկայ եղած էր նաեւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement