By Asbarez | Monday, 16 August 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստան խախտած է 9 Նոյեմբերի զինադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնը եւ նոր ուժեր կեդրոնացուցած է Ղարաբաղի մէջ՝ հաստատելով, որ Ատրպէյճանի բանակը պիտի ձեռնարկէ համարժէք քայլերու, որովհետեւ նման իրավիճակ անընդունելի է։
«Վերջին օրերուն կը նկատուին Հայաստանի կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումով իր զինեալ ուժերու անձնակազմի վերատեղակայման դէպքեր ատրպէյճանական տարածքներու մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը, ինչպէս նաեւ Մուխթարքանդ (Մխիթարաշէն), Շուշաքենդ (Շոշ) բնակավայրերու, Քելբաջարի (Քարվաճար) եւ Լաչինի (Բերձոր) շրջաններու վարչական սահմաններու արեւելեան ուղղութեամբ գտնուող տարածքներու մէջ հայկական նոր զինուորական դիրքերու ստեղծում», կը նշուի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան 10 Օգոստոսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
«Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը, եռակողմանի յայտարարութեան կէտերուն համաձայն, պէտք է վերջ տան իր գտնուած ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու տեղակայման դէպքերուն», կը յայտնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ