Արարատ Միրզոյեան, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար

By Asbarez | Monday, 23 August 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արարատ Միրզոյեան նշանակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար: Այս գծով հրամանագիրը նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց 19 Օգոստոսին՝ հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը թափուր էր Մայիսի աւարտէն, երբ Արա Այվազեան հրաժարական ներկայացուց:

Մինչեւ օրս արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պարտականութիւնները կը կատաէր Յուլիսի կէսերուն նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած Արմէն Գրիգորեան, որ զերծ կացուցուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն:

Գրիգորեան 19 Օգոստոսին, վարչապետին ստորագրած որոշումով, դարձեալ նշանակուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:

comments