Հիւսիսային Մակեդոնիա-Հայաստան 0-0

By Asbarez | Thursday, 09 September 2021

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան, 2022ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, երբ Ժ. խմբակին մէջ հիւրը եղաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ:

Սպանացի Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր այս մրցումին սկսաւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ` նախորդ երեք մրցումներուն, իր արձանագրած երեք յաղթանակներուն շնորհիւ:

Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցած մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով։ Սակայն, հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Հայաստան մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ (10 կէտով), կէտի մը առաւելութիւնը ունենալով Գերմանիոյ վրայ, որ յաղթեց Լիխթնշթայնին, 2-0 արդիւնքով:

Միւս կողմէ, Եւրոպայի ֆութպոլի` «Եւրօ-2023»ի 21 տարեկանէն վար հաւաքականներու ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Ֆարօ կղզիները, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կօլերը նշանակեցին Նարեկ Գրիգորեան եւ Միքայէլ Միրզոյեան, որ նաեւ կատարեց առաջին կօլին փոխանցումը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement