Արցախեան 44օրեայ Պատերազմի Առաջին Տարելիցին Եւ Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Երթեր, Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 29 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախեան 44օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցի նախօրեակին` Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021ին քայլարշաւներ կազմակերպուեցան Ստեփանակերտի, Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:

Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած քայլարշաւը կը կրէր «Արցախն ապրում է» կարգախօսը, եւ անոր մասնակցեցան հազարաւոր արցախցիներ:

Նախքան երթի մեկնարկը, Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Մինասի քհնյ. Մովսիսեանի կողմէ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Երթին ընթացքին Ստեփանակերտի զանազան հատուածներէ քայլարշաւին միացան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու անունները կրող թեւերը: Աւարտին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ մասնակցողները իրենց յարգանքը մատուցեցին նահատակուած նուիրեալներու յիշատակին:

Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած քայլարշաւը կը կրէր «Արցախն ապրում է» կարգախօսը, եւ անոր մասնակցեցան հազարաւոր արցախցիներ:

Նախքան երթի մեկնարկը, Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Մինասի քհնյ. Մովսիսեանի կողմէ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Երթին ընթացքին Ստեփանակերտի զանազան հատուածներէ քայլարշաւին միացան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու անունները կրող թեւերը: Աւարտին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ մասնակցողները իրենց յարգանքը մատուցեցին նահատակուած նուիրեալներու յիշատակին:

Իսկ Երեւանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն խաչի եւ պետականութիւնը խորհրդանշող դրօշներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքին կազմակերպած ջահերով երթը դէպի Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը` խոնարհելու համազգային երազանքներու իրագործման համար պայքարին ընթացքին նահատակուած հերոսներուն շիրիմներուն առջեւ:

Երթին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան եւ խմբակցութեան պատգամաւորները: Երթին միացան բազմաթիւ քաղաքացիներ:

Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ այս քայլարշաւին նպատակն է հաստատել, որ իրենք տէրն են մեր նահատակներու թափած արեան, իրենց գաղափարին եւ նուիրումին շնորհիւ գոյութիւն ունեցող մեր պետականութեան: «Համոզուած ենք` Հայաստանն ու Արցախը այս վիճակին հասցնող ոչ մէկ մարդ անպատիժ պիտի մնայ, մեր պայքարը պիտի շարունակուի«, հաստատեցին անոնք:

Երթը ընթացք առաւ լուռ, միայն բարձրախօսով կը հնչէին 44օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներուն անունները: Երթ-մոմավառութիւնը ապա հասաւ Եռաբլուր, ուր հնչեց Տէրունական աղօթքը: Եկեղեցականները հոգեւոր կարգ մատուցեցին: Քահանայի յորդորով, երթին մասնակցողները իրենց ձեռքի վառ կանթեղները տեղադրեցին նահատակներու շիրմաքարերուն վրայ:

ՀՅԴ «Շիրակ» Մարզային կոմիտէի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Գիւմրիի խումբին նախաձեռնութեամբ, Գիւմրիի մէջ ջահերով երթը սկսաւ միասնական աղօթքով, որմէ ետք մասնակցողները Գիւմրիի Անկախութեան հրապարակէն ուղղուեցան դէպի «Շիրակ» գերեզմանատան պանթէոնը:

«Սա միասնականութեան երթ է, որի միակ նպատակն է յարգել պատերազմում նահատակուած մեր հերոսների յիշատակը եւ ցոյց տալ, որ տէր ենք մեր պահանջատիրութեանը եւ կանգնելու ենք աննահանջ: Մենք պարտաւոր ենք համախմբուել, տէր կանգնել մեր հայրենիքին, ազգային արժէքներին ու պայքարել յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի, յանուն մեր ազգային արժանապատուութեան», նշեց ՀՅԴ «Շիրակ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Մելքոնեան:

«Շիրակ» գերեզմանատան պանթէոնին մէջ քահանան յիշատակի աղօթք կատարեց, ապա երթին մասնակցողները մոմեր եւ ծաղիկներ զետեղեցին հերոսներու շիրմներուն վրայ:

comments