By Asbarez | Friday, 01 October 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 29 Սեպտեմբերին, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքար մղող 49ամեայ երգիչ, երգահան Հայկօն (Հայկ Յակոբեան) մահացաւ։ Լուրը հաղորդեց Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի աշխատակազմի ղեկավար Շուշան Դանիէլեան:
22 Սեպտեմբերին անոր նախկին կինը` երգչուհի Անահիտ Սիմոնեան, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած էր, որ ծանր օրեր են իրենց ընտանիքին համար, որովհետեւ Հայկօն «Քորոնա» ժահրին պատճառաւ առողջական հարցեր ունի, սակայն վիճակը կայուն է:
Հայկօն մասնակցած է բազմաթիւ փառատօներու եւ արժանացած մրցանակներու: 1997ին Նիւ Եորքի «Big Apple» երգի փառատօնի յաղթողն էր: Տարբեր տարիներու Հայաստանի մէջ արժանացած է «Լաւագոյն հեղինակ-կատարող», «Տարուայ լաւագոյն երգիչ», «Տարուայ լաւագոյն յօրինող» մրցանակներուն:
2006ին անոր շնորհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի կոչում:
2007ին ան Հայաստանը ներկայացուց «Եւրոտեսիլ» միջազգային երգի մրցումին եւ գրաւեց 8րդ դիրքը:
Հայկօն երաժշտութիւն յօրինած է «Մի Վախեցիր», «Սպաննուած Աղաւնի», «Խաչագողի Յիշատակարանը», «Ոչինչ Չի Մնայ», «Յոբելեանական Յաճախորդ», «Վանայ Շովուն Արշալոյսը», «Գարեգին Նժդեհ» ժապաւէններուն համար: «Խաչագողի Յիշատակարանը» ժապաւէնին երաժշտութեան երիզը արժանացած է մրցանակի:
Ան ունի որդի մը՝ 11ամեայ Արմանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ