Նախկին Պաշտպանութեան Նախարարը Ձերբակալուեցաւ

By Asbarez | Friday, 01 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Զէնք-զինամթերքի մատակարարման գործով, առանձնապէս մեծ չափերու յափշտակութիւն կատարելու կասկածով ձերբակալուեցան պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ անոր ընկերը՝ մատակարար կազմակերպութեան տնօրէն Դաւիթ Գալստեան։

Արաւել քան 2 միլիառ դրամ յափշտակելու եւ կեղծիքներ ու հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու յանցանքով անոնք ներգրաւուած են՝ իբրեւ մեղադրեալներ:  Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) միջնորդեց դատարանին մօտ՝ զանոնք բանտարկելու համար:

Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Դաւիթ Գալստեանի գործով աւելի կանուխ՝ 25 Սեպտեմբերին, մեղադրանք առաջադրուեցաւ նաեւ զինուած ուժերու օդուժի նախկին պետ-վարչութեան պետ Աւետիք Մուրադեանի նկատմամբ՝ թեքնիք բնութագրումներուն չհամապատասխանող, երկարատեւ պահպանման համար ոչ-պիտանի, շուկայական արժէքէն էականօրէն բարձր գինով հրթիռներ ձեռք բերելուն համար:

Այս գործի ծիրին մէջ, ԱԱԾն խուզարկեց նաեւ զինուած ուժերու Ընդհանուր փոխհրամանատար Ստեփան Գալստեանի բնակարանը: Ամիսներ առաջ ալ հարցաքննուած էր պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, որուն կողմ սլաքներ ուղղելու փորձ կը կատարէ իշխանական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեան: Ըստ անոր՝ չարաշահումները տեղի ունեցած են 2011ին, երբ Սէյրան  Օհանեան պաշտպանութեան նախարար էր:

Նշենք, որ կողմերը իրենց ուղղուած մեղադրանքը չեն ընդունիր։

comments