Ատրպէյճանի Բանակի Կրակոցներէն Արցախի Սահմանին Վիրաւորուեցան 6 Հայ Զինուորներ

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ բացին Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական յենակէտին ուղղութեամբ՝ վիրաւորելով վեց հայ զինուորներ։ Միջադէպին մասին անյապաղ տեղեակ պահուեցաւ Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:

Այս մասին յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ յայտարարեց, թէ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ զինադադարի դրութեան պահպանման եւ կոչ ուղղեց ատրպէյճանական կողմին՝ նոյնպէս ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը ապակայունացնող գործողութիւններէ:

Դէպքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալ.«Խօսքը Արցախի Նոր Շէն համայնքի մասին է, որի անմիջական հարեւանութեամբ են տեղակայուած ադրբեջանական զինուած ուժերի դիրքերը: Արցախի Հարաւ եւ մի քանի այլ քաղաքացիական բնակավայրի ուղղութեամբ եւս կրակոցներ են արձակուել: Քիչ առաջ խօսեցի Արցախի մարդու իրաւունքների պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հետ, ով այս պահին այցելել է զինուորական հիւանդանոց, քննարկեցինք մանրամասները: Սա ադրբեջանական իշխանութիւնների ցեղասպան, ֆաշիստական քաղաքականութեան ուղիղ արդիւնքն է: Ադրբեջանական զինուած ուժերի ներկայութիւնը հայկական քաղաքացիական բնակավայրերի հարեւանութեամբ լրջագոյն սպառնալիք է մարդկանց անվտանգութեան ու խաղաղ համար, նրանց կեանքի իրաւունքի ոտնահարում է: Հաշուի առնելով, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի դիրքերը Նոր Շէն ու միւս համայնքների անմիջական հարեւանութեամբ պաշտպանում են քաղաքացիական բնակիչների կեանքն ու անվտանգութիւնը, ակնյայտ է, որ վիրաւորում ստացած բոլոր զինուորների առողջութեանը վնաս պատճառելու համար ադրբեջանական զինուած ուժերն ուղիղ պատասխանատուութիւն են կրում իրենց յանցաւոր արարքների համար»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement