Վատ Խաղաղութիւնը Նոյնիսկ Աւելի Լաւ Է, Քան Լաւ Պատերազմը. Փութին

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի տագնապի լուծման ջանքերուն եւ Ռուսիոյ դերակատարութեան:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ձեռք բերուած զինադադարի դրութեան պահպանման երաշխաւորն է: Մեր աջակցութեամբ կ՛իրականացուի մարդասիրական բեռներու տեղափոխումը, տարածքներու ականազերծումը՝ ի դէպ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի տարածքին մէջ, կը վերականգնին կենսակերպի ապահովման համակարգերը, բժշկական օգնութիւն կը տրամադրուի բնակչութեան։ Այդ բոլորը անգամ մը եւս կը հաստատեն ռուսական իմաստութիւնը այն մասին, որ «վատ խաղաղութիւնը նոյնիսկ աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմը», ըսաւ Փութին՝ աւելցնելով. «Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) առանցքային դերը ինքնին խաղաղ համագործակցութեան եւ միացեալ աշխատանքի համար պայմաններ ապահովելն է՝ մեր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման եւ մեր քաղաքացիներու բարօրութեան բարձրացման ուղղուած»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement