Եւս Հինգ Ռազմագերիներ Վերադարձան Հայաստան

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի հինգ քաղաքացիներ: Գերիներու վերադարձը կատարուեցաւ Ռուսիոյ հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:

Վերադարձուած քաղաքացիներն են` Ամբարդանեան Մելս Կարապետի, Կարապետեան Ռաֆիկ Ռոբերտի, Մանուկեան Ժորա Վանոյի, Մանուկեան ­Յովսէփ Ռոբերտի եւ Սողոմոնեան Սեդրակ Սամուէլի:

Այսպիսով, Ատրպէյճանէն վերադարձած գերիներուն թիւը կը հասնի 113ի` զինուորներ եւ քաղաքացիներ: Ըստ հայկական կողմին ոչ-պաշտօնական տուեալներուն` այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ տակաւին կան տասնեակ մը հայ գերիներ: Պաքու բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, թէ վերադարձուցած են բոլոր գերիները` ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքացիները անուանելով «ահաբեկիչներ»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement