
ԵՐԵՒԱՆ.- 29 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ աւանդական ճեպազրոյցներու ընթացքին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, անդրադառնալով ընդդիմութեան առաջարկած Արցախի վերաբերող յայտարարութեան, որ չընդունուեցաւ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ, յայտնեց, որ իրենց կողմէ կատարուած որեւէ առաջարկ, որ կարմիր գիծերը յաղթահարելու տեսք ունեցած է, մերժուած է։ Մինասեան նշեց, որ մեծամասնութիւնը առաջարկ ներկայացնելու առնուազն մէկ օր ունէր:
Ան լրագրողներու յայտնեց, որ յայտարարութեան մէջ կային քանի մը կարմիր գիծեր: Առաջինն այն է, որ ոչ միայն միջազգային յանցագործութիւն տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ, այլ նաեւ Արցախի տարածք բռնագրաւուած է: Հայաստանի տարածք ատրպէյճանական ուժերու ներթափանցման, ինչպէս նաեւ ամրաշինական աշխատանքներու յստակ փորձ կը կատարուի:
«Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն, որեւէ պաշտօնատար անձ չի կարող բանակցել գրաւոր կամ բանաւոր համաձայնութիւն տալ հակառակ 1992 թուականի Յուլիսի 8ի ԱԺ որոշման, որով արձանագրուած է, որ որեւէ ձեւով Հայաստանի համար անընդունելի է Արցախն Ադրբեջանի կազմում տեսնելը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն պէտք է ապահովի Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութիւնը: Նաեւ այն, որ չի կարող ՀՀ տարածքի որեւէ փոփոխութիւն տեղի ունենալ առանց հանրաքուէի», նշեց ան։
Մինասեան նշեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ միջազգային գործողութիւններու պէտք է ձեռնարկել` դատապարտման եւ միջազգային հետապնդման պատասխանատուութեան ենթարկելու առումով, որովհետեւ մինչեւ այսօր Ատրպէյճան կը շարունակէ պատերազմական յանցագործութիւնները բռնի անհետացածներու եւ գերիներու նկատմամբ:
Ատրպէյճան նաեւ միջազգային հանրութեան առջեւ միակողմանիօրէն խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կը հաղորդէ՝ նսեմացնելով Հայաստանի միջազգային հեղինակութիւնը:
