20 Ընդարձակուած Համայնքներուն Մէջ ՀՅԴն Պիտի Մասնակցի ՏԻՄի Ընտրութիւններուն

By Asbarez | Friday, 05 November 2021

ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ հաստատելով, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը աշխոյժ կերպով պիտի մասնակցի 5 Դեկտեմբեր 2021ին նախատեսուած` համայնքներու աւագանիներու ընտրութիւններուն:

Կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի նաեւ 14 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Տաւուշի մարզի Իջեւան համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն:

5 Դեկտեմբերի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴն պիտի մասնակցի Արագածոտնի մարզի Աշտարակ, Արարատի մարզի Արտաշատ, Արմաւիրի մարզի Մեծամօր, Գեղարքունիքի մարզի Սեւան, Լոռիի մարզի Սպիտակ, Շիրակի մարզի Արթիկ, Կոտայքի մարզի Աբովեան, Հրազդան, Նայիրի եւ Նոր Հաճըն համայնքներուն մէջ:

Կուսակցութիւնը դաշինքներով պիտի մասնակցի Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ, Վարդենիս, Մարտունի, Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ, Բաղրամեան, Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր, Շիրակի մարզի Ախուրեան, Արագածոտնի մարզի Թալին եւ Վայոց Ձորի Մարզի Ջերմուկ համայնքներուն մէջ։

comments