
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Կլասկոյի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի կլիմայի հարցերու 26րդ խորհրդաժողովին (COP26) եւ այնտեղ, ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ ճիշդ մէկ տարի առաջ, Ղարաբաղի վրայ պատերազմին Ատրպէյճան օգտագործեց միաջզգայնօրէն արգելուած զէնքեր`թիրախ դարձնելով ոչ միայն քաղաքացիները, այլ նաեւ հիասքանչ անտառներ` մեծ տարածքներու մէջ յառաջացնելով հսկայական հրդեհներ եւ գործելով բնապահպանական մեծ աղէտ:
«Մենք միջազգային հանրութեանը կոչ ենք արել յաւելեալ ջանքեր գործադրել` նման անպատասխանատու, անմարդկային վարքագիծը կանխելու համար: Բնապահպան մարտահրաւէրները սահմաններ ու հակամարտութեան գծեր չեն ճանաչում, եւ մենք պէտք է բոլոր երկրներով համապարփակ համագործակցենք», շեշտեց Արմէն Սարգսեան:
Պաշտօնական բաժինին զուգահեռ, 2 Նոյեմբերին նախագահ Արմէն Սարգսեան զրոյցներ ունեցաւ զանազան երկիրներու նախագահներուն հետ, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Մոնաքոյի, արաբական զանազան երկիրներու եւ այլն։

