Նախ Եւ Առաջ Պէտք Է Փրկել Արցախի Ապագան. Բաբայեան

By Asbarez | Thursday, 11 November 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Սփիւթնիք Արմէնիա».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան «Սփիւթնիք Արմէնիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի անկախութեան ճանաչման հեռանկարին։

«Մեզ համար Արցախի անկախութեան ճանաչումը եղել եւ մնում է կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններից մէկը: Մեր գերնպատակներից է նաեւ Արցախի աշխարհաքաղաքական սուբյէկտայնութեան (գոյացութեան) պահպանումը, ինչը թոյլ կը տայ աւելի արդիւնաւէտօրէն առաջ տանել ճանաչման գործընթացը», ըսաւ Բաբայեան` անդրադառնալով «Ժանաչում յանուն փրկութեան» թէզին:

«Մեզ համար կարեւոր է նաեւ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը: Իսկ ինչ վերաբերում է հարցին, թէ որքան կարող է «3+3» ձեւաչափն օգտակար լինել Արցախեան հիմնախնդրի լուծման գործում, ապա դեռ 2020 թուականի Նոյեմբերի մեր կանխատեսման համաձայն` նման ձեւաչափերի առաջարկներ լինելու էին, բայց դրանք ոչ թէ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, այլ տարածաշրջանում յարաբերութիւնների յստակեցման ու զարգացման հարթակներ են», յայտնեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով. «Ըստ երեւոյթին կը լինեն նաեւ այլ հարթակներ, սակայն ոչ ոք չի ասում, որ դրանք կարող են փոխարինել Մինսկի խմբի համանախագահների ձեւաչափին` որպէս Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորմամբ անմիջականօրէն զբաղուող հարթակ: Թուրքիան չի փոխել իր դիրքորոշումը եւ բացայայտ կերպով սատարում է Ադրբեջանին եւ եթէ «3+3ի դէպքում նախապայմաններ առաջ չի քաշում, ընդունում է խաղի կանոնները, ապա դա մի բան է, բայց այլ բան է, երբ շարունակում է նախապէս որդեգրած քաղաքականութիւնը»:

Ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ զարգացումներուն, դիտարկել մօտեցումները եւ յայտարարութիւնները, բայց տագնապի լուծման պէտք է նայիլ աւելի լայն` նկատի ունենալով երեք հիմնական սկզբունքները. նախ եւ առաջ պէտք է փրկել Արցախի ապագան, պահպանել անոր պետականութիւնը, եւ որ ամէնէն կարեւն է` Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան 4 Նոյեմբերին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է յառաջ տանի Արցախի հարցով «Ճանաչում յանուն փրկութեան» թէզը: Ըստ անոր՝Արցախի միջազգային ճանաչման հարցով Հայաստան սերտօրէն կը համագործակցի Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement