Շուշիի Անցակէտին Մօտ Ստեփանակերտցի Մը Ձեռնառումբ Նետեց

By Asbarez | Wednesday, 17 November 2021



ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Շաբաթ, 13 Նոյեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) յայտնեցին, որ կանուխ առաւօտեան Ստեփանակերտ-Բերձոր միջպետական ճամբուն վրայ, Շուշի քաղաքի անցակէտին մօտ, ատրպէյճանցի զինուորներու սադրիչ գործողութիւններուն իբրեւ պատասխան անյայտ անձ մը պայթուցիկ սարք նետեց անցակէտի հատուածին վրայ, որմէ ետք Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր միջպետական ճամբան երկկողմանիօրէն փակուեցաւ, եւ աւելի ուշ վերաբացուեցաւ:

Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին հետ դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով կ՛իրականացնեն համապատասխան հետախուզական եւ քրէադատավարական միջոցառումներ:

Արցախի Հանրապետութեան ԱԱԾն կոչ ուղղեց ժողովուրդին՝ խուճապի չմատնուելու եւ զերծ մնալու խուճապ յառաջացնող լուրեր տարածելէ եւ հետեւելու միայն պաշտօնական լրահոսին:

Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր միջպետական ճամբուն վրայ տեղի ունեցած դէպքը «գործադրող»ը՝ Նորայր Միրզոյեան (1975ի ծնունդ, Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ), տարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէ:

15 Նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտնեց, որ այցելած է Նորայր Միրզոյեանին, որ կալանաւորուած կամ ձերբակալուած չէ, այլ կը գտնուի բժշկական կեդրոնի մէջ՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ:

«Հետաքրքրուել եմ առողջական վիճակով եւ հաւաստիացել, որ ստանում է անհրաժեշտ բուժօգնութիւն: Այնուհետեւ հանդիպել եմ նաեւ Ն. Միրզոյեանի ընտանիքի անդամների հետ, ովքեր յայտնել են, որ կապը նրա հետ պահպանւում է: Հարազատների խնդրանքով կոչ եմ անում բոլորին դադարեցնել Ն.Միրզոյեանի եւ նրա անձնական ու ընտանեկան կեանքի մասին տեղեկութիւնները հանրայնացնելու բոլոր գործողութիւնները, վստահեցնում եմ՝ դուք դրանով միայն վնասում էք Նորայրին եւ աւելորդ անհանգստութիւն պատճառում նրա ընտանիքին: Եւս մէկ անգամ շեշտում եմ, որ Արցախի Մարդու իրաւունքների պաշտպանի գրասենեակն իր իրաւասութիւնների շրջանակներում ձեռնարկում է բոլոր միջոցները Ն. Միրզոյեանի իրաւունքների պատշաճ պաշտպանութիւն ապահովելու համար, ուստի այդ հարցում ինքնագործունէութիւնն ու անկշռադատ քայլերը ցանկալի չեն», յայտնեց Գեղամ Ստեփանեան:

Դէպքին, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ քաղաքացիներու հանդէպ ոտնձգութիւններուն անդրադարձաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան, որ «168 ժամ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Խօսքն այն մասին է, որ ադրբեջանական կողմը վերջին շրջանում իր յաջողութիւններով շլացած՝ դիմում է տարբեր սադրիչ գործողութիւնների: Այսինքն՝ ամէն ինչ անում են ու մնում են անպատիժ: Սովորական խաղաղ բնակիչը, որը զբաղւում էր շինաշխատանքով, թշնամին սպաննում է, եւ սա մնում է անարձագանգ»:

Ըստ անոր՝ բոլոր այս միջադէպերը կը վկայեն, որ Արցախի հիմնահարցը կարգաւորելու անհրաժեշտութիւն կայ, հակառակ պարագային նման միջադէպեր պիտի շարունակուին եւ յաճախակի պիտի դառնան:

«Սա ինչ-որ տեղ նախազգուշացում է հայկական եւ ադրբեջանական կողմերին, ինչպէս նաեւ միջնորդ պետութիւններին, որպէսզի ապահովեն հարցի շուտափոյթ կարգաւորում, որպէսզի տարածաշրջանում խաղաղութիւն լինի: Մեր քաղաքացու արարքը բնական հակազդեցութիւն է, որովհետեւ երբ յանցագործութիւնը եւ յանցագործը չեն պատժւում, ապա ընդունուած ու աւանդական կարգի համաձայն՝ մարդը փորձում է ինքն իր հարցերը լուծել: Յանցագործութիւնները պէտք է ժամանակին պատժուեն, որպէսզի մարդիկ նման քայլերի չդիմեն», նշեց Վահրամ Բալայեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement