Թուրքիոյ Հետ Երկխօսութեան Հայաստանի Յատուկ Ներկայացուցիչը Պիտի Ըլլայ ԱԺի Նախկին Փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան

By Asbarez | Friday, 07 January 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, իսկ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը՝ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի այն յայտարարութեան, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան գործընթացի ծիրին մէջ յատուկ ներկայացուցիչները կրնան մօտիկ ապագային հանդիպիլ:

«Հայաստանի ու Թուրքիայի միջեւ երկխօսութեան գործընթացի շրջանակներում յատուկ ներկայացուցիչների հանդիպման ժամկէտների վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան դէպքում հանրութիւնը պատշաճ կերպով կը տեղեկացուի», յայտնեց Վահան Յունանեան:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն եւ ողջունեց յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու յայտարարութիւնները: Ֆրանսա հաստատեց, որ ամբողջական կերպով կ՛աջակցի այս գործընթացին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement