Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով Երթուղու Գործարկումը Կարող Է Զարկ Տալ Տարածաշրջանային Համագործակցութեանը. Փաշինեան

By Asbarez | Friday, 07 January 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վրաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 11րդ նիստին յայտնեց, որ Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով միջազգային երթուղիի կեանքի կոչումը կրնայ զարկ տալ տարածաշրջանային համագործակցութեան:

«Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տրանսպորտային (փոխադրութեան միջոցներու) ոլորտում երկկողմ համագործակցութիւնն առաջնահերթութիւն է մեզ համար: Մենք համագործակցում ենք տրանսպորտային միջազգային մի շարք կառոյցների շրջանակներում, մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս Պարսից ծոց – Սեւ ծով միջազգային տրանսպորտային երթուղին եւ տրանսպորտի ոլորտում այլ նախաձեռնութիւնների կեանքի կոչմանը: Հարկ եմ համարում նշել, որ Պարսից ծոցը Սեւ ծովին կապող ուղին, իրաւամբ, կարող է զարկ տալ տարածաշրջանային համագործակցութեանը: Ընդ որում, ես ուզում եմ նշել կարեւոր մի հանգամանք, որ վարչապետ Ղարիբաշվիլին ընդգծեց, որ մենք Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները դիտարկում ենք ոչ միայն երկկողմ հարթութեան, այլեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան տիրոյթում: Սա չափազանց կարեւոր է մեր յարաբերութիւնների համատեքստում», յայտնեց ան։

Ըստ Փաշինեանի` Պարսից Ծոց- Սեւ Ծով փոխադրամիջոցներու կապի ուղղութեամբ երկու նախագիծեր կան` ինքնաշարժներու ճամբայ եւ երկաթուղային: «Աւտոմոբիլային (ինքնաշարժներու) երթուղու զարգացման ուղղութեամբ մենք իրականացնում ենք Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի կառուցումը, որը հայ-վրացական սահմանը կապում է Հայաստան-Իրան սահմանի հետ: Ճանապարհի առաւել արդիւնաւէտ աշխատանքի համար մենք ակտիւ (աշխոյժ) քննարկումների մէջ ենք մեր իրանցի եւ վրաց գործընկերների հետ ու շատ կարեւոր է, որ այստեղ լիարժէք փոխըմբռնման հասնենք: Ընդ որում, ուզում եմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել, որ եթէ մեզ յաջողուի Հայաստան-Ադրբեջան աւտոմոբիլային հաղորդակցութեան վերաբերեալ համաձայնութեան գալ Ադրբեջանի հետ, այս նախագիծն էականօրէն կը փոխուի, դառնալով Հիւսիս-հարաւ, Արեւելք-արեւմուտք երթուղի», յայտնեց Փաշինեան։

Ան տեղեկացուց, որ 26 Նոյեմբերին, Սոչիի մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ 14 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք կարելիութիւն կայ, որ Ատրպէյճանի հետ համաձայնութիւն գոյանայ ինքնաշարժներու հաղորդակցութեան վերականգնման վերաբերեալ: «Իսկ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման շուրջ Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ արդէն իսկ սկզբունքային պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել: Խօսքը Երասխ-Ջուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղու վերականգնման մասին է եւ յոյս ունենք այդ աշխատանքն աւարտել առաջիկայ 2-3 տարուայ ընթացքում: Ի հարկէ, պէտք է աշխատել, որ մեր պայմանաւորուածութիւններն ինչպէս կան` յստակ արձանագրուեն», աւելցուց ան։

Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ կարգ մը մասնագէտներու կարծիքներուն, թէ` երկաթուղային հաղորդակցութեան բացումը կրնայ շահեկան չըլլալ Վրաստանի համար: «Պիտի կտրականապէս չհամաձայնուեմ այդ դիրքորոշման հետ, որովհետեւ եթէ Ջուլֆայով բացուի Հայաստան-Նախիջեւան-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն երկաթուղին, կʹունենանք Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով ամենաարդիւնաւէտ եւ ամէնէն բարենպաստ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը, եւ այդ երկաթուղին կʹանցնի Իրանի, Ադրբեջանի, Հայաստանի, Վրաստանի տարածքով` դառնալով ոչ միայն տնտեսական զարգացման, այլեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան կարեւորագոյն գործօն», դիտել տուաւ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement