Ատրպէյճանի Սահմանային Սադրանքները Եւ Կրակոցները Կը Շարունակուին

By Asbarez | Tuesday, 11 January 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 10 Յունուարին, ատրպէյճանցի զինուորներ սահմանի զանազան կէտերէ կրակոցներ արձակեցին Մարտունիի եւ Ասկերանի տարբեր շրջաններու վրայ:

Արդարեւ, Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորագռութեամբ մը տեղեկացուց, որ ատրպէյճանցի զինուորներ Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ բնակավայրի յարակից դիրքերէն անկանոն կրակ բացին գիւղին ուղղութեամբ՝ կրակի տալով մանկապարտէզի յարակից տարածքին մէջ գտնուող քաղաքացիի մը ինքնաշարժը:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ միջադէպին առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ միջոցներու ձեռնարկուեցաւ «ադրբեջանական կողմին հրադադարի պահպանման ռեժիմին (դրութեան) վերադարձնելու ուղղութեամբ»:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց հայկական կողմի պնդումները՝ նշելով, որ ատրպէյճանական բանակը «չէ կրակած քաղաքացիներու եւ անոնց պատկանող ինչքերուն վրայ»:

Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ վերոնշեալ ինքնաշարժին մէջ ծագած կրակը մարելու փութացած Արցախի Հանրապետութեան հրշէջ փրկարարները եւս հրդեհը մարելու աշխատանքներ կատարելու ընթացքին թիրախ դարձան ատրպէյճանցիներու կրակոցներուն:

Դէպքին վայրի զննութեան ընթացքին գտնուեցան ինքնաշարժին մէջ մնացած կապարներ:

Նախարարութեան ոստիկանութիւնը նաեւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան նոյն օրը՝ աւելի ուշ, զինադադարի դրութիւնը խախտեց նաեւ Ասկերանի շրջանին մէջ: Արդարեւ, Նախիջեւանիկ գիւղի տարածքին մէջ գտնուող նռան այգիին մէջ քարշակով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող 4 քաղաքացիներու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հրաձգային տարբեր տեսակի զինատեսակներէ շուրջ 15 վայրկեան անդադար կրակած են՝ չարտօնելով, որ հողագործները դուրս գան այգիէն: Կրակը դադարեցաւ ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ, իսկ Արցախի քաղաքացիները կարելի եղաւ անվնաս դուրս բերել: Մասնակի կերպով վնասուեցաւ գիւղատնտեսական սարք մը:

Նոյն օրը երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ դիտել տալով, որ «նման գործողութիւններն Ադրբեջանում պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ նացիստական քաղաքականութեան դրսեւորումներ են, որոնք եւս մէկ անգամ ապացուցում են, որ Ադրբեջանի իշխանութիւնների «խաղաղասիրական» յայտարարութիւնները ոչ մի աղերս չունեն այդ երկրի իրական՝ Արցախի, հայ ժողովրդի եւ տարածաշրջանի նկատմամբ ահաբեկչական եւ ծաւալապաշտական նպատակների հետ»:

Ըստ նախարարութեան՝ ռազմական գործողութիւններու դադարէն ետք, Ատրպէյճանի յարձակողական պահուածքը կոպիտ խախտում է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, միջազգային իրաւունքի եզրերուն եւ մարդասիրութեան սկզբունքներուն, նաեւ միտում է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը ահաբեկելու եւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութիւնը խափանելու:

«Հարկ ենք համարում եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ նման քայլերով Ադրբեջանը չի կարող սասանել արցախցու վճռականութիւնը ապրել եւ արարել Արցախում, որի համար բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ադրբեջանի կազմում», նշեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ հաստատելով. «Մենք շարունակելու ենք զարգացնել եւ զօրացնել մեր հայրենիքը»:

Աւելի ուշ, Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանցիները Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիին վրայ՝ Շուշիի հատուածին մէջ, քարերով հարուածած են հայ վարորդի մը ինքնաշարժը:

Ոստիկանութեան Քաշաթաղի շրջանային բաժինին մէջ Վանաձոր քաղաքի բնակիչ Վ. Պ.էն (1991ի ծնունդ) ստացուած է հաղորդում, ըստ որուն, իր վարած «Նիսան Տիանա» ինքնաշարժը Ստեփանակերտ-Երեւան մայրուղիին վրայ քարերով հարուած ստացած է ատրպէյճանցիներու կողմէ: Ինքնաշարժը վնասուած է:

8 Յունուարին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց նոյն օրը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած լուրը, ըստ որուն, իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ռմբակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը: «Սահմանի տուեալ հատուածում ադրբեջանական ստորաբաժանումները մի քանի անկանոն կրակահերթ են արձակել, որոնց հայկական կողմը չի պատասխանել: Այս պահին իրադրութիւնը հայ-ադրբեջանական սահմանի ողջ երկայնքով յարաբերականօրէն կայուն է եւ գտնւում է Հայաստանի Զու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ», կ՛ըսուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement