Քրիստինէ Գրիգորեան Ընտրուեցաւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

By Asbarez | Tuesday, 25 January 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փակ քուէարկութեան մասնակցեցան 107 պատգամաւորներէն 68ը, որոնք թեր քուէարկեցին: Ընդդիմութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:

Քրիստինէ Գրիգորեան երդում տուաւ. ան պաշտօնը պիտի վարէ գործող պաշտպանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին յաջորդ օրը:

Գործող Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի 23 Փետրուարին:

comments