By Asbarez | Tuesday, 01 February 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Դատախազութիւնը հրաժարեալ նախագահ Արմէն Սարգսեանի` մինչեւ նախագահ դառնալը այլ երկրի մը քաղաքացի ըլլալուն մասին «Հետք» թերթի հրապարակումը ուղարկեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ): Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան:
«Մուտքագրուել է դատախազութիւն, ենթարկուել նախնական ուսումնասիրութեան եւ ուղարկուել ԱԱԾ` նկատի ունենալով, որ այնտեղ է գտնւում մէկ այլ քրէական գործ կապուած Արմէն Սարգսեանի երկքաղաքացիութեան հետ», նշեց Աբրահամեան:
Առերեւոյթ փաստաթուղթ կեղծելու յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործին մասին թէ՛ դատախազութիւնը, թէ՛ ԱԱԾն մանրամասնութիւններ չփոխանցեցին` յայտնելով, որ նախաքննական գաղտնիութիւնը պէտք է պահպանել:
Յայտնի չէ նաեւ, թէ արդեօք նախաքննութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան հարցաքննուա՞ծ է եւ ինչ կարգավիճակով:
Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ իր պաշտօնէն Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին եւ անոր մասին լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ լոյս տեսած հրապարակման:
«Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի յայտարարութեամբ Արմէն Սարգսեանը հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց պետութեան առջեւ ծառացած իրական խնդիրների եւ մարտահրաւէրների վրայ, բնութագրելով երկրում ստեղծուած իրավիճակը որպէս համազգային ճգնաժամ: Ցաւօք, «Հետք»ի եւ նմանատիպ հրապարակումներով փորձ է կատարւում հանրութեան ուշադրութիւնը կրկին շեղել կեղծ օրակարգով: Ուստի մէկ անգամ եւս վերահաստատում ենք, որ պահի գնահատականը եւ նախագահի հրաժարականի բուն պատճառները յստակ եւ ամբողջական ներկայացուած են հրաժարականի յայտարարութեան տեքստում», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ