By Asbarez | Tuesday, 01 February 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանի հետ 31 Յունուարին ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած չէ, եւ այդ գործընթացը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ:
Փոխվարչապետը եւս դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական եւ համապարփակ լուծման հարցին մէջ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկրի դերը եւ առաքելութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին: Մաթեւոսեան բարձր գնահատեց վերջին 30 տարիներուն Միացեալ Նահանգներու՝ Հայաստանին տրամադրած աջակցութիւնը՝ ուղղուած աւելի բարեկեցիկ եւ ժողովրդավար հասարակութեան ամրապնդման, մասնաւորաբար փտածութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ դատական եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու կեանքի կոչման:
Հանդիպման աւարտին, կողմերը վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային յարաբերութիւններու սերտացման եւ երկկողմ կապերու զարգացման:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ