By Asbarez | Thursday, 10 February 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ «որեւէ կերպ չեն մասնակցելու» Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:
«Հայաստանն այսօր ներքին ու արտաքին լրջագոյն մարտահրաւէրներ է դիմագրաւում», կը նշուի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ նաեւ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Համազգային համախմբումը, հանրային համերաշխութիւնն այլընտրանք չունեն, բայց երկիրը կործանման եզրին հասցրած, հասարակութիւնը պառակտած այս իշխանութիւնը որոշել է շարունակել նոյն գործելաոճը եւ առաջնորդուել ոչ թէ պետական, այլ միմիայն իր նեղ թիմային շահերով: Չնայած նախագահի ինստիտուտը պէտք է հանդէս գայ որպէս իրապէս չէզոք եւ հասարակութեանը համախմբող ինստիտուտ, օրուայ իշխանութիւնը որոշել է առաջադրել եւ միայնակ ընտրել բացառապէս սեփական ուժի Հանրապետութեան նախագահ: Միջազգային հանրութիւնը անգործութիւն եւ լռութիւն է պահպանում ժողովրդավարութեան նահանջի ակնյայտ փաստերի հանդէպ, այդ թւում` մէկ անձի բռնապետութեան ձեւաւորման առումով: Մենք քննարկել ենք թեկնածու առաջադրելու նպատակայարմարութիւնը, սակայն ստեղծուած իրավիճակում անընդունելի եւ սխալ ենք համարում նոյնիսկ անուղղակի ձեւով այդ ընտրութեան լեգիտիմացմանը (օրինականացման) մասնակցելը»։
Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ նախագահը պէտք է ներդաշնակ աշխատի կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան հետ` նշելով, որ իշխանութեան թեւերը ոչ թէ մէկը միւսին պէտք է հակադրուին, այլ` լրացնեն մէկզմէկու: 3 Փետրուարին կառավարութեան նիստին գործադիրի ղեկավարը ընդգծեց, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին կողմէ առաջադրուած Վահանգն Խաչատրեան առաջադրուած է նախագահի թեկնածու 65 պատգամաւորներու կողմէ, ինչ որ «որոշակի վստահութիւն է հաղորդում, որ նա ոչ միայն առաջադրուել է, այլեւ կ՛ընտրուի այդ պաշտօնում»:
Առաջին փուլով ընտրուելու համար թեկնածուն պէտք է ստանայ առնուազն 81 պատգամաւորներու քուէն: Առաջին փուլին իշխանական խմբակցութիւնը ընդդիմութեան կարիքը ունի, բայց կան նաեւ նախագահի ընտրութեան երկրորդ ու երրորդ փուլեր, ուր իշխանական խմբակցութիւնը անհրաժեշտ ձայները առանձինն կրնայ ապահովել:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ