Հայաստան Սահմանեց Համաշխարհային Մրցանիշ Օդապարիկով Կատարած Ամէնէն Երկար Թռիչքով

By Asbarez | Monday, 21 February 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սքայպոլ» ընկերութեան օդաչու Նայիրի Բարսեղեան իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Պաժենովի հետ 16 Փետրուարին օդապարիկով կատարեցին մրցանշային թռիչք:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով օդային մարզաձեւերուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Սքայպոլ» օդապարիկով թռիչքներ կազմակերպող ընկերութեան շնորհիւ դարձաւ մրցանակակիր երկիր:

Բարսեղեան նշեց, որ «Սքայպոլ»ի ամէնէն երկարատեւ, առանց վայրէջքի համաշխարհային մրցանշային թռիչքը սկսաւ 16 Փետրուար 2022ին Ռուսիոյ Օրէնպուրկի շրջանէն՝ առաւօտեան ժամը 8ին, վայրէջքը կատարեցին 17 Փետրուարին երեկոյեան ժամը 6:45ին: Թռիչքի տեւողութիւնը եղաւ 34 ժամ 41 վայրկեան:

Նախապէս հաստատուած մրցանշային թռիչքը տեւած է 32 ժամ 12 վայրկեան:

Մրցանիշը հաստատուեցաւ Օդային մարզաձեւերու դաշնակցութեան կողմէ, եւ յատկանշական է անով, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ օդային մարզաձեւերուն մէջ արձանագրուեցաւ Հայաստանի անունը. «Նման մրցանիշները պատկանում են գերտէրութիւններին: Եթէ ցուցակը նայենք, կը տեսնենք Ամերիկա, Ռուսաստան, Ճապոնիա եւ եւրոպական մէկ-երկու երկիր, հիմա այս շարքում կը լինի նաեւ Հայաստանի անունը, ինչն էլ եղել է մեր գերնպատակը», եզրափակեց Բարսեղեան:

Բարսեղեան եւ Պաժենով 17 Յունուարին  Հայաստանին մէջ կատարեցին օդապարիկով բացառիկ թռիչք` անցնելով Գիւմրէն-Երեւան՝ Արագած լերան գագաթներուն վրայով:

comments