Մարտ 2ին Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւն Հարցը

By Asbarez | Tuesday, 01 March 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Խորհրդարանը Մարտ 2ին պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն հարցը: Այս մասին Ազգային ժողովի խորհուրդին որոշումը հրապարակուեցաւ Երկուշաբթի օր:

Արմէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն հրաժարական տուաւ 30 Յունուարին: Դիմումէն եօթը օր ետք Արմէն Սարգսեանի լիազօրութիւնները դադրեցուեցան Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրեց բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեան: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները թեկնածու չեն առաջադրած՝ յայտարարելով, որ պիտի չմասնակցին նախագահի ընտրութեան:

Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ նախագահը պէտք է ներդաշնակ աշխատի կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան հետ՝ նշելով, որ «իշխանութեան թեւերը ոչ թէ մէկը միւսին պէտք է հակադրուեն, այլ՝ լրացնեն»:

Առաջին փուլով ընտրուելու համար թեկնածուն առնուազն 81 պատգամաւորի քուէ պէտք է ստանայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իշխող խմբակցութիւնը ընդդիմութեան կարիքը ունի այդ հանգրուանին նախագահ ընտրելու համար։ Սակայն ընտրութեան երկրորդ եւ երրորդ փուլեր կան, որոնց ընթացքին իշխող խմբակցութիւնը ընտրութեան համար անհրաժեշտ ձայները կրնայ ապահովել:

comments