By Asbarez | Tuesday, 08 March 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելը կառավարութեան օրակարգային առաջնահերթութիւններէն է, հաստատեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի այն հարցումին, թէ ի՛նչ է Հայաստանի կեցուածքը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի յայտարարութեան նկատմամբ:
«Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելու ռազմավարութիւն է որդեգրել եւ, բնականաբար, այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն է դրսեւորում», ըսաւ ան:
Պայրամով ըսած էր, թէ Ատրպէյճան բազմաթիւ անգամներ Հայաստանին առաջարկ ներկայացուցած է խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու՝ նշելով, թէ հակառակ ամէն դժուարութեան, կարելի է մտածել յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշողլուի՝ Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութեան, թէ՝ «թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ամրապնդումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման»՝ այս պարունակին մէջ անգամ մը եւս շեշտելով այսպէս կոչուած՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի կարեւորութիւնը, Յունանեան նախ Հայաստանի համար անհասկնալի նկատեց այս խօսոյթը՝ ընդգծելով, որ այս մասին գիտեն բոլորը:
«Միւս կողմից՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ճամբաներու բացումը նոյնպէս կառավարութեան առաջնահերթութիւններից է, եւ այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր են ձեռնարկւում, այդ թւում՝ «Հայկական խաչմերուկ» նախագծի շրջանակներում», յայտնեց Յունանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ