Արարատ Միրզոյեան Պիտի Մասնակցի Անթալիոյ Դիւանագիտական Ֆորումին

By Asbarez | Tuesday, 08 March 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին: Այս մասին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Վահան Յունանեան:

Անթալիոյ ֆորումը տեղի պիտի ունենայ 11-13 Մարտին: Այս միջոցառման Թուրքիան հրաւիրած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանը ներկայացնող Ռուբէն Ռուբինեանը:

comments